Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պասիլ. «Պքերքէի Մէջ Մշակուող Փաստաթուղթը Կարեւոր Է, Սակայն Անիկա Պակասաւոր Կը Մնայ, Եթէ Գործադրութեան Գործիքակազմով Մը Չօժտուի»

Մարտ 28, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ ընդունեց խմբագիրներու սենտիքայի մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ սենտիքայի նախագահ Ժոզեֆ Քսսայֆիի:

Հանդիպումին ընթացքին Պասիլ յայտնեց, որ Պքերքէի մէջ մշակուող փաստաթուղթը կարեւոր է, սակայն անիկա պակասաւոր կը մնայ, եթէ գործադրութեան գործիքակազմով մը չօժտուի կամ պատժական տնօրինում չորդեգրուի այն անհատներուն դէմ, որոնք ծրագրուած կերպով կը փորձեն մէկ կամ երկու ընտրանք պարտադրել բոլորին:

Պասիլ կոչ ուղղեց այս մօտեցումին դէմ պայքարելու` աւելցնելով, որ ինք կը մերժէ իրաւունքներուն դպչիլ: «Մենք այս հարցը Հըզպալլայի հետ չենք կապեր, իսկ մեր յարաբերութիւնը նախկինին նման չէ: Սակայն այն օրը, որ Իսրայէլ Հըզպալլայի վրայ կը յարձակի, ապա մենք անոր կողքին պիտի կանգնինք, իսկ երբ ներքին իմաստով մեր վրայ յարձակում արձանագրուի, պիտի ճակատինք», ըսաւ ան:

Պասիլ ընդգծեց, որ Լիբանան գոյութենական վտանգներ կը դիմագրաւէ, ոչ միայն հարաւային Լիբանանի դէմ պատերազմին պատճառով, այլ նաեւ տնտեսական տագնապին, սուրիացի տեղահանուածներուն եւ այլ պատճառներով:

Ան յայտնեց, որ գոյութենական պայքարի մեծագոյն գրաւականները այսօր համագործակցութիւնն ու ազգային համերաշխութիւնն են, որպէսզի ժողովուրդը մնայ երկրին մէջ եւ կարելի ըլլայ կայունութիւն երաշխաւորել:

Պասիլ ըսաւ, որ ազգային սկզբունքներուն վրայ համախոհութիւնը առկայ էր, եւ երբ ան փոփոխութեան ենթարկուեցաւ, ապա ցնցուեցան այդ սկզբունքները, եւ անոնցմէ առաջինը եղաւ պետականաշինութեան նկատմամբ յանձնառութենէն հրաժարիլը եւ ապա համագործակցութեան հարուած հասցնելը, իսկ հիմնական հարցը եղաւ Լիբանանի պաշտպանութեան սահմաններու հատումը եւ ներքաշուիլը այնպիսի տագնապի մը մէջ, որուն իմաստով որոշում չկայ:

«Մենք որոշումի տէր անձեր ենք եւ ոչ թէ գրաւի տէր անհատներ: Այս պայքարին մէջ Հըզպալլան յաղթելու ըլլայ կամ պարտուի, մենք պիտի շարունակենք համակեցութիւնը, սակայն այս չի նշանակեր, թէ մենք հետեւորդ ենք, այլ` հաւասար ենք», ըսաւ ան:

Պասիլ շեշտեց, որ երկրին իշխանութիւնը պէտք է կազմուի, եւ անիկա անկարելի պիտի ըլլայ առանց քրիստոնեայ բաղկացուցիչին: Այս շրջագիծին մէջ ան հաստատեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը կոչ ուղղած է մտածելու քաղաքական վարչակարգի փոփոխութեան մասին` սկսելով Թաէֆի համաձայնագիրէն:

«Մենք կարիքը ունինք երկրին վարչակարգը փոփոխութեան ենթարկելու` հասնիլ կարենալու համար քաղաքացիական պետութեան», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ Լիբանան համաձայնութիւններու հիման վրայ ապրող երկիր մըն է, ուր բոլոր շերտերը իրարմով կ՛ապրին:

Պասիլ ընդգծեց, որ եթէ ազգային համերաշխութիւնը վերանայ, ապա Լիբանան չի մնար, որովհետեւ Լիբանանի իւրայատկութիւնը իր բազմազանութեան մէջ կը գտնուի:

Պասիլ անդրադարձաւ նաեւ Լիբանանը բարգաւաճեցնելու հարցին` նկատել տալով, որ դաշնակցային վարչակարգը պայման չէ երկիրը բարգաւաճեցնելու, այլ` ապակեդրոնացեալ դրութեամբ աշխատելաձեւը, «որովհետեւ լիբանանեան իւրաքանչիւր շրջան իր առաւելութիւններն ու յատկութիւնները ունի եւ իրեն յատուկ ձեւով կրնայ բարգաւաճիլ», աւելցուց ան:

Պասիլ նշեց, որ ինք հպարտ է ուժանիւթի նախարարութեան մէջ իր կատարած աշխատանքներով` շեշտելով, որ ինք փտածութիւն չէ գործած: «Ելեկտրականութիւն արտադրող նաւերուն առումով, անձամբ դիմեցի դատական իշխանութիւններուն եւ ճշմարտութիւնը բացայայտուելէն ետք ընկերութիւնը 20 միլիոն տոլարի տուրք վճարեց: Տակաւին ե՞ս կ՛ըլլամ յանցաւորը», հարց տուաւ ան:

Նոր համաձայնութիւններ գոյացնելու մասին Պասիլ ըսաւ, որ Լիբանանի մէջ ամէնէն կարեւոր եւ միակ համաձայնութիւնը ազգային համերաշխութիւնն է` աւելցնելով, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ դրին բոլորին հետ համաձայնութիւն գոյացնելու:

Անդրադառնալով Կեդրոնական դրամատան նախկին կառավարիչ Ռիատ Սալամէի` Պասիլ յայտնեց, որ փտածութեան բուն հեղինակը ձգած մարդիկ կը պայքարին Լեռնալիբանանի վերադատ ատեանի ընդհանուր դատախազ Ղատա Աունի դէմ, որ դատական իշխանութեան մէջ պարկեշտութեան լաւագոյն օրինակն է:

Նշենք, որ Նահըժ շարժումի նախագահ, նախկին երեսփոխան Հասան Եաագուպ այցելեց Պասիլի:

Հանդիպումէն ետք ան շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ կայ ազգային համախոհութիւն այն մտածումին գծով, որ նախագահական դատարկութիւնը երկրին ամբողջ կառոյցին տագնապը կը կազմէ:

Նախորդը

Մաուլաուի Նախագահեց Ապահովութեան Կեդրոնական Խորհուրդի Նիստին

Յաջորդը

Միքաթի Նախագահեց Ընկերային Պաշտպանութեան Ռազմավարութիւնը Մշակելու Յատուկ Նախարարական Նիստի Մը

RelatedPosts

Բագրատունի Վերընտրուեցաւ Խորհրդարանի Դիւանի Անդամ, Ինչպէս Նաեւ Խորհրդարանական Գաղթականներու Հարցերու Յանձնախումբի Նախագահ Եւ Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբի Քարտուղար
Լիբանանեան

Բագրատունի Վերընտրուեցաւ Խորհրդարանի Դիւանի Անդամ, Ինչպէս Նաեւ Խորհրդարանական Գաղթականներու Հարցերու Յանձնախումբի Նախագահ Եւ Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբի Քարտուղար

Հոկտեմբեր 22, 2025
Ատուան. «Կը Պնդենք Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու Վրայ, Եւ Լուծումը Արտերկիր Գտնուողներու Քուէարկութեան Օրէնքի Բարեփոխումն Է»
Լիբանանեան

Ատուան. «Կը Պնդենք Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու Վրայ, Եւ Լուծումը Արտերկիր Գտնուողներու Քուէարկութեան Օրէնքի Բարեփոխումն Է»

Հոկտեմբեր 22, 2025
Պուխարի Ռաժժիին Յանձնեց «Էքսփօ Ռիատ 2030»-ին Լիբանանի Մասնակցութեան Հրաւէր Մը
Լիբանանեան

Պուխարի Ռաժժիին Յանձնեց «Էքսփօ Ռիատ 2030»-ին Լիբանանի Մասնակցութեան Հրաւէր Մը

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?