Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Ապրիլ 3, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.700 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 89.500 լ. ոսկի:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 օքթան պենզինի սակը սղած է 28.000 լ. ոսկիով, 98 օքթան պենզինը` 28.000 լ. ոսկիով, իսկ մազութի թիթեղին սակը նուազած է 1000 լ. ոսկիով եւ պիւթակազը` 4000 լ. ոսկիով: Հետեւաբար վառելանիւթի նոր սակերն են. 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակը` 1.724.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 1.762.000 լ. ոսկի, մազութը` 1.549.000 լ. ոսկի եւ պիւթակազը` 937.000 լ. ոսկի:

ՅՈՅՆ ուղղափառ համայնքի Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսը ընդունեց տեղեկատուութեան նախարարի պաշտօնակատար Զիատ Մքերին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք Մքերի յայտնեց, որ Մարատա հոսանքը Պքերքէի հանդիպումին իր մասնակցութիւնը չէ բերած, որովհետեւ այդ հանդիպումը հեռանկարներ չունի:

ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ալի Խաթիպ յայտնեց, որ Դամասկոսի իրանեան հիւպատոսարանին դէմ գործուած իսրայէլեան ռմբակոծումը Սուրիոյ եւ Իրանի գերիշխանութիւններուն, ինչպէս նաեւ միջազգային օրէնքին դէմ գործուած ոտնձգութիւն է, «որ կը յանձնենք ՄԱԿ-ի եւ Ապահովութեան խորհուրդին ուշադրութեան», ըսաւ ան:

ԻՍԼԱՄ հեղինակութիւն սէյիտ Մոհամետ Հիւսէյն Ֆատլալլայի գրասենեակին համաձայն, Ֆիթրի տօնին առաջին օրը կը զուգադիպի չորեքշաբթի, 10 ապրիլ 2024-ին:

ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Հեքթոր Հաժժար յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ աղքատութեան համեմատութիւնը 82 առ հարիւր է, իսկ` լիբանանցիներուն 32 առ հարիւրը ծայր աստիճան թշուառ պայմաններու մէջ կ՛ապրի:

ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Մորիս Սլիմ երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իտալիոյ դեսպան Նիքոլեթթա Պոմպարտիերին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան-իտալական երկկողմանի յարաբերութիւնները` բարձր գնահատելով Իտալիոյ կողմէ լիբանանեան բանակին տրամադրուած օժանդակութիւնները: Քննարկուեցան նաեւ տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

ՆԵՐՔԻՆ գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուի այցելեց մարոնի համայնքի Պեքաայի եւ Զահլէ-Ֆըրզոլի առաջնորդ Իպրահիմ Մխայէլ Իպրահիմ եպիսկոպոսին, որուն փոխանցեց իր շնորհաւորութիւնները` Ս. Զատկուան տօնին առիթով: «Մենք կը հպարտանանք հաւատքի եւ հաւատացեալներու երկիր ըլլալու իրականութեամբ», ըսաւ Մաուլաուի:

ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Զիատ Մքերի ընդունեց Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան նախագահ Պշարա Ասմարը, որուն հետ քննարկեց պետական պատկերասփիւռի կայանին վերաբերող հարցեր: Հանդիպումին ընթացքին շեշտուեցաւ պետական պատկերասփիւռի կայանի պաշտօնեաներուն իրաւունքները յարգելու կարեւորութիւնը:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ յայտնեց, որ երբ ժամանակը գայ, ապա Հըզպալլա իր ընտրանքը պիտի ճշդէ եւ անցնի այնպիսի դիմադրութեան, որ կը տապալէ թշնամին:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Ժորժ Ատուան խորհրդարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լայզա Ճոնսընը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի եւ շրջանին հարցերը:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Ալի Ֆայեատ յայտնեց, որ ամերիկեան վարչակազմին կողմէ իսրայէլեան գոյացութեան տրամադրուած կործանիչներն ու հրթիռները քանդիչ են եւ կը բացայայտեն ամերիկեան վարչակազմին լկտիութիւնը:

ԻԹԹԻՀԱՏ կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Հասան Մըրատ Ղովմի կուսակցութեան մէկ պատուիրակութեան հետ ունեցաւ հանդիպում մը, որուն ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ միջինարեւելեան զարգացումները:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Հասան Իզզէտտին յայտնեց, որ Դիմադրութիւնը չ՛արտօներ թշնամիին` հատելու սահմանները, իսկ որեւէ յարձակում արագ եւ ուղղակի պատասխան պիտի ստանայ:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Ալի Խրէյս յայտնեց, որ Իսրայէլ համայնքի մը, շրջանի մը եւ յարանուանութեան մը թշնամին չէ, այլ` բոլոր լիբանանցիներուն:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ յայտնեց, որ Դիմադրութեան դէմ սադրանք հրահրողը ազգային պատկանելիութիւն չ՛արտայայտեր:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ խստիւ դատապարտեց Իսրայէլի կողմէ Դամասկոսի մէջ իրանեան հիւպատոսարանի ռմբակոծումը` հաստատելով, որ այդ քայլը միջազգային օրէնքի եւ դիւանագէտներու անձեռնմխելիութեան դէմ գործուած ոտնձգութիւն է:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ կրօնական խորհուրդի նախագահ շէյխ Մոհամետ Եազպեք յայտնեց, որ իրենք կարիքը ունին հանրապետութեան նախագահի մը, որ կը պահպանէ Լիբանանն ու անոր անկախութիւնն ու գերիշխանութիւնը:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն ընդունեց երեսփոխան Ատիպ Ապտել Մեսիհը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Նախորդը

Իրանի Ազգային Անվտանգութեան Խորհուրդը Դամասկոսի Մէջ Իրանեան Հիւպատոսարանին Վրայ Կատարուած Յարձակումին Վերաբերեալ «Պատշաճ Որոշումները» Որդեգրած Է

Յաջորդը

Պու Սաապ Վրոնեցքայի Հետ Քննարկեց Շրջանային Իրադարձութիւնները

RelatedPosts

Այսօր Խորհրդարանի Նիստ. Շարք Մը Պլոքներ Նիստը Պոյքոթի Կ՛ենթարկեն
Գլխաւոր լուրեր

Այսօր Խորհրդարանի Նիստ. Շարք Մը Պլոքներ Նիստը Պոյքոթի Կ՛ենթարկեն

Հոկտեմբեր 28, 2025
Նախագահ Աուն. «Արտերկրի Լիբանանցիները Իրաւունք Ունին Քաղաքական Կեանքին Մասնակցելու»
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն. «Արտերկրի Լիբանանցիները Իրաւունք Ունին Քաղաքական Կեանքին Մասնակցելու»

Հոկտեմբեր 28, 2025
Վատիկան Լեւոն ԺԴ.-ի Այցելութեան Ծրագիրը Հրապարակեց
Գլխաւոր լուրեր

Վատիկան Լեւոն ԺԴ.-ի Այցելութեան Ծրագիրը Հրապարակեց

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?