Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ ցաւակցագիրներ յղեց Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա սէյիտ Ալի Խամենէի, Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիի եւ խորհրդարանի նախագահ Մոհամետ Պաքեր Քալիպաֆի` խստիւ դատապարտելով Դամասկոսի իրանեան հիւպատոսարանին վրայ իսրայէլեան յարձակումը:
Միւս կողմէ, Պըրրի Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի կիներու խորհուրդի ներկայացուցիչ Ճիլիըն Մեսիրին, որուն հետ քննարկեց խորհուրդին աշխատանքները:
Պըրրիի այցելեց նաեւ ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուի. քննարկուեցան լիբանանեան քաղաքական եւ ապահովական իրադարձութիւնները: