Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իսրայէլ Հապպարիէի Մէջ Գործեց Նոր Սպանդ Մը` Ռմբակոծելով Շտապ Օգնութեան Փրկարար Ուժերու Կեդրոնը

Մարտ 28, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ կէս գիշերին իսրայէլեան բանակը ռմբակոծեց Լիբանանեան շտապ օգնութեան փրկարար ուժերու կեդրոնը, որ կը գտնուի Հապպարիէ գիւղաքաղաքին մէջ:

Ռմբակոծումը պատճառեց եօթը զոհեր, որոնք մաս կը կազմէին փրկարար ուժերու օրուան անձնակազմին եւ անոնք մեծաւ մասամբ ուսանողներ էին ու երիտասարդներ, որոնք կամաւորաբար ուղղուած էին կեդրոն` հասնելու ժողովուրդին փրկութեան:

Եօթը զոհերն են` Ապտալլա Աթուի, Մոհամետ Ֆարուք Աթուի, Պարա Ապու Քայս, Ապտել Ռահման Շաար, Հիւսէյն Շաար, Ահմետ Շաար եւ Մոհամետ Համմուտ:

Հըզպալլայի տեղեկատուական գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կը նշէ, թէ Հապպարիէի բժշկական իսլամական կեդրոնին դէմ գործուած իսրայէլեան բռնարարքը դատապարտելի է եւ անպատասխան պիտի չմնայ:

Այլ հաղորդագրութեամբ մը, Հըզպալլա հերքեց այն լուրերը, թէ Ռըմէյշի եւ անոր շրջակայ գիւղերէն հրթիռարձակում կատարուած է` ընդգծելով, որ այդ բոլորը զրպարտութիւններ են, որոնք սադրանք նախապատրաստելու միտումով կատարուած են:

Միւս կողմէ, Ժամաա Իսլամիէ հաստատեց, որ Իսրայէլի կողմէ կատարուած այն յայտարարութիւնները, թէ Հապպարիէի ռմբակոծումին թիրախը Ժամաա Իսլամիէի ղեկավար մըն էր, անճիշդ տեղեկութիւն է:

Ժամաա Իսլամիէ հաստատեց, որ ռմբակոծուած կեդրոնը իսլամական բժշկական կեդրոն մըն է` փրկարար աշխատանքի եւ շտապ օգնութեան:

Ի պատասխան Հապպարիէի ռմբակոծումին, երէկ առաւօտեան ժամը 8:00-ին, Դիմադրութեան մարտիկները «Քաթիուշա» տիպի տասնեակ հրթիռներով ռմբակոծեցին իսրայէլեան Քըրիաթ Շմոնա բնակեցման վայրը եւ իսրայէլեան բանակի թիւ 769 փաղանգի հրամանատարութեան կեդրոնը` պատճառելով նիւթական եւ մարդկային վնասներ:

Հապպարիէի քաղաքապետ Այման Շքէյր իր կարգին հերքեց իսրայէլեան այն յերիւրանքները, թէ իրենց ուժերը ռմբակոծած են գիւղաքաղաքի զինուորական կեդրոնը` հաստատելով, որ անիկա շտապ օգնութեան եւ ժողովուրդին հասնելու կեդրոն է, իսկ 7 զոհերը ոչ մէկ կապ ունին պատերազմի կամ զէնքի հետ:

Առողջապահութեան նախարարութիւնը խստիւ դատապարտեց իսրայէլեան ռմբակոծումը` շեշտելով, որ բուժօգնութեան կեդրոնի մը դէմ իսրայէլեան ռմբակոծումները կը յանձնէ միջազգային հասարակութեան ուշադրութեան:

Առողջապահութեան նախարարութիւնը ընդգծեց, որ իսրայէլեան ռմբակոծումներուն պատճառով զոհուած են եօթը փրկարարներ:

Դիմադրութեան մարտիկները հակահրասայլային հրթիռներով ռմբակոծեցին Շթուլա բնակեցման վայրին մէջ գտնուող իսրայէլացի զինուորներու խումբ մը եւ արձանագրեցին ուղղակի հարուածներ:

Դիմադրութիւնը հակահրասայլային հրթիռներով ռմբակոծեց իսրայէլեան Ռուէյսեթ Ալամ դիրքը:

Հըզպալլայի զինուորական տեղեկատուութեան համաձայն, Դիմադրութիւնը համապատասխան հրթիռներով ռմբակոծած է իսրայէլեան Ռամիմ դիրքը եւ ուղղակի հարուածներ արձանագրած հոն համախմբուած իսրայէլացի զինուորներուն դէմ եւ պատճառած մարդկային վնասներ:

Հըզպալլայի մարտիկները համապատասխան հրթիռներով ռմբակոծեցին իսրայէլեան Մըսքաֆ Աամ դիրքը եւ քանդեցին հոն գտնուող լրտեսական սարքերը:

Հըզպալլայի մարտիկներէն Ալի Ռաթիպ Ժաուհարի եւ Ալի Ֆաուզի Ախրաս միացան «Երուսաղէմի ճամբուն վրայ» նահատակներու փաղանգին:

ՆՇԵՆՔ, որ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարութիւնը նախարարաց խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարութեան փոխանցեց հոկտեմբեր 2023-էն ի վեր ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին եւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին յղած իր 22 բողոքագիրներուն կրկնօրինակները:

Այդ բողոքագիրները ուղղուած են Իսրայէլի դէմ` ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութիւնը խախտելուն համար:

 

Նախորդը

Միքաթի Նախագահեց Ընկերային Պաշտպանութեան Ռազմավարութիւնը Մշակելու Յատուկ Նախարարական Նիստի Մը

Յաջորդը

Քոմարով. «Ռոսաթոմ»-ը Կրնայ Գործադրել Հայաստանի Մէջ Նոր Հիւլէական Կայանի Կառուցման Որեւէ Նախագիծ»

RelatedPosts

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւնը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?