Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբը Քննարկեց ՄԱԿ-ի Թիւ 1728 Եւ Թիւ 1701 Բանաձեւերը

April 4, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արտաքին եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբը` նախագահութեամբ երեսփոխան Ֆատի Ալամէի եւ ներկայութեամբ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունիի, գումարեց իր նիստը, որուն ներկայ գտնուեցաւ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպը:

Նիստէն ետք Ալամէ յայտնեց, որ հանդիպումին ընթացքին քննարկած են ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1728 բանաձեւը, որ վերջերս որդեգրուած էր` Կազայի մէջ զինադուլ յայտարարելու նպատակով:

«Մեր քննարկած երկրորդ կէտը կը վերաբերէր ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւին եւ հարաւային Լիբանանի դէմ շարունակուող իսրայէլեան յարձակումներուն, արձանագրուած հսկայական քանդումին եւ հարաւային Լիբանանի վկայած տեղահանութեան», ըսաւ ան:

Ալամէ նշեց, որ քննարկուած երրորդ կէտն էր  ԵՈՒՆԵՐՈՒԱ-ն եւ անոր ֆինանսաւորման թղթածրարը:

Ալամէ նշեց, որ թիւ 1728 բանաձեւը ցարդ չի գործադրուիր, որովհետեւ անոր գործադրութիւնը ուղղակիօրէն կախեալ է պատանդներուն ազատ արձակումէն:

«Թիւ 1701 բանաձեւին պարագային անդրադարձ կատարուեցաւ տարուող դիւանագիտական աշխատանքին` Լիբանանի դէմ իսրայէլեան պատերազմը կանխարգիլելու ուղղութեամբ: Այս իմաստով մատնանշուեցաւ նաեւ Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի ունեցած դերակատարութիւնը` պատերազմին վերջ տալու առումով: Պու Հապիպ յայտնեց, որ թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան առումով տակաւին բանակցութիւններ կը կատարուին` աւելցնելով, որ իրենք կը փորձեն բանաձեւը գործադրելու յստակ ժամկէտ ճշդել: Այս իմաստով Պու Հապիպ լսեց նաեւ երեսփոխաններուն տեսակէտները, որոնց հիման վրայ յստակ դարձաւ, որ Լիբանանի մէջ միաձայնութիւն չկայ միացեալ պատերազմի ճակատներու գծով», ըսաւ Ալամէ:

Ան նշեց, որ բոլորին կողմէ կայ մաղթանք մը, որ լիբանանցիները միասնականութեամբ ներկայանան, որովհետեւ անիկա կը հզօրացնէ Լիբանանի արտաքին քաղաքականութիւնն ու արտաքին աշխարհին մէջ Լիբանանի դերակատարութիւնը, ինչպէս նաեւ կ՛օժանդակէ Լիբանանի տագնապը լուծելու, իսրայէլեան ախորժակներուն վերջ մը դնելու, ինչպէս նաեւ շրջանին մէջ կայունութիւն հաստատելու:

«Պու Հապիպ մաղթեց, որ Իսրայէլի դէմ արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցած բողոքները պահուին եւ հետապնդուին, որպէսզի Լիբանան հետագային կարենայ պահանջել իր իրաւունքները, այլ խօսքով` արձանագրուած քանդումին հատուցումը», շեշտեց ան:

ԵՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի ֆինանսաւորման մասին Ալամէ նշեց, որ կարգ մը երկիրներ իրենց որոշումը վերատեսութեան ենթարկած են եւ վերստին սկսած են ԵՈՒՆԵՐՈՒԱ-ն ֆինանսաւորել, ինչ որ կը հանգստացնէ Լիբանանը:

Ալամէ նշեց, որ Ճափոն իր կարգին տեղեակ պահած է ԵՈՒՆԵՐՈՒԱ-ն, թէ պիտի շարունակէ իր ֆինանսաւորումը, «իսկ այլ երկիրներ տակաւին կը սպասեն 15 ապրիլին հրապարակուելիք հետաքննութեան», եզրափակեց ան:

Նախորդը

Միքաթի Մաուլաուիի Հետ Քննարկեց Ներքին Գործոց Նախարարութեան Վերաբերող Հարցեր

Յաջորդը

«Հզօր Լիբանան» Համախմբումը Կը Զօրակցի Պքերքէի Երկխօսութեան

RelatedPosts

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

February 2, 2026
14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»
Լիբանանեան

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

February 2, 2026
Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ
Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.