Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միքաթի Կը Մտածէ Կառավարութիւնը Հրաւիրել Ժողովի Մը

Ապրիլ 3, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախարարաց խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար, դատաւոր Մահմուտ Մաքքիէ երէկ յայտնեց, որ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի որոշած է հինգշաբթի, 4 ապրիլին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:30-ին կառավարութիւնը հրաւիրել ժողովի մը, որուն ընթացքին պիտի քննարկուի 21 կէտերէ բաղկացած օրակարգ մը:

Միւս կողմէ, Միքաթի երէկ նախագահեց նախարարական յանձնախումբի նիստի մը, որուն ընթացքին քննարկուեցաւ Ընկերային ապահովութեան ազգային ռազմավարութիւնը գործադրելու հեռանկարները:

Նիստին ներկայ գտնուեցան արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու, կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման եւ ընկերային հարցերու նախարարի պաշտօնակատարներ Ապտալլա Պու Հապիպ, Ապպաս Հալապի եւ Հեքթոր Հաժժար, ինչպէս նաեւ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնի գործակատար հազարապետ-զօրավար Էլիաս Պայսարի, նախագահական պալատի ընդհանուր տնօրէն Անթուան Շքէյր եւ Մահմուտ Մաքքիէ:

Հանդիպումէն ետք Հաժժար յայտնեց, որ ժողովին ընթացքին որոշուեցաւ զինուորական խորհուրդը հրաւիրել նիստի մը, որպէսզի կարելի ըլլայ սուրիացի տեղահանուածներուն թղթածրարը ամբողջական կերպով քննարկել:

Ան շեշտեց, որ Ընկերային ապահովութեան ազգային ռազմավարութիւնը կ՛ենթադրէ յստակ իմանալ սուրիացիներուն տեղահանուած ըլլալու կարգավիճակը եւ ապա գործադրել տեղահանուածներուն վերաբերող կանոնները, որոնք որդեգրուած են լիբանանեան պետութեան կողմէ:

Հաժժար հաստատեց նաեւ, որ պէտք է կազմաքանդել բոլոր վրաններն ու բնակեցման վայրերը, ուր սուրիացի տեղահանուածներ չեն բնակիր, եւ պէտք է տեղահանուածներուն խորհուրդ տալ տունդարձ կատարելու կամ երրորդ երկրի մը մէջ բնակեցուելու:

Միքաթիի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Իտալիոյ դեսպան Նիքոլեթթա Պոմպարտիերին, որուն հետ քննարկուեցան լիբանանեան-իտալական յարաբերութիւններն ու Իտալիոյ վարչապետ Ճորճիա Մելոնիի Պէյրութ կատարած այցելութեան արդիւնքները:

Նախորդը

Պքերքէի Մէջ. «Խորհրդարանը Սահմանադրութիւնը Կը Խախտէ Եւ Դիտմամբ Լիբանանը Կը Զրկէ Հանրապետութեան Նախագահէ» Շեշտեց Ռայի Պատրիարք

Յաջորդը

Պըրրի Ցաւակցագիրներ Յղեց Իրանի Իշխանութեան Պետերուն

RelatedPosts

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ
Լիբանանեան

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ

Յուլիս 12, 2025
Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն.  Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել
Լիբանանեան

Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն. Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել

Յուլիս 12, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

«Նախագահ Աունի Նկատմամբ Մեծ Վստահութիւն Կայ, Եւ Անոր Ընտրանքները Լիբանանի Համար Լաւագոյնն Են» Կ՛ըսէ Արեւմուտքցի Դիւանագիտական Պաշտօնատար Մը

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?