Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միքաթի – Մելոնի Հանդիպում

March 29, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի ընդունեց Իտալիոյ վարչապետ Ճորճիա Մելոնին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, յատկապէս հարաւային սահմանագիծին վրայ տիրող կացութիւնը:

Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ պետական նախարարի տեղակալ Ճիովանի Պաթիսթա Ֆազուլազի, Լիբանանի մէջ Իտալիոյ դեսպան Նիքոլեթթա Պոմպարտիերի, արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ, ինչպէս նաեւ Միքաթիի խորհրդականներ Նիքոլա Նահհաս, Պութրոս Ասաքեր եւ Զիատ Միքաթի:

Հանդիպումին ընթացքին Միքաթի հաստատեց իր յանձնառութիւնը ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան եւ ընդգծեց Լիբանանի գերիշխանութեան դէմ գործուած իսրայէլեան ցամաքային, ծովային եւ օդային ոտնձգութիւններուն վերջ տալու անհրաժեշտութիւնը:

Մելոնի շեշտեց Լիբանանի եւ Իտալիոյ միջեւ պատմական յարաբերութիւնները ամուր պահելու կարեւորութիւնը` բարձր գնահատելով Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 2728 բանաձեւը, որուն հիման վրայ ռամատանի ընթացքին Կազայի մէջ զինադուլ պէտք է յայտարարուի:

Միքաթի եւ Մելոնի հաստատեցին անյապաղ Լիբանանի հանրապետութեան նախագահ մը ընտրելու կարեւորութիւնը:

Մելոնիի այցելեց նաեւ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն մաս կազմող իտալական զօրամասին կեդրոնը:

ՖԻՆԻՒԼ–ի Հրամանատարութիւնը Մտահոգութիւն Կը Յայտնէ
Կապոյտ Գիծին Վրայ Արձանագրուած Բռնարարքներուն Առնչութեամբ

ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ մտահոգութիւն կը յայտնէ հարաւային Լիբանանի սահմանային Կապոյտ գիծին վրայ արձանագրուած բռնարարքներուն առնչութեամբ:

ՖԻՆԻՒԼ-ի հրամանատարութիւնը կոչ ուղղեց քաղաքական-դիւանագիտական լուծում մը ապահովելու` Կապոյտ գիծի կայունութիւնը վերահաստատելու:

Իր կարգին, Սպիտակ տունը յայտարարեց, որ լիբանանեան-իսրայէլեան սահմանային անդորրի վերահաստատումը Ուաշինկթընի համար առաջնահերթութիւն է:

Միւս կողմէ, Դիմադրութեան մարտիկները թիրախահար եւ հակահրասայլային հրթիռներով ռմբակոծեցին Կորեն եւ Շլոմի բնակեցման վայրերը` իբրեւ պատասխան Նաքուրայի սպանդին եւ Թէյր Հարֆայի ռմբակոծումին:

Դիմադրութիւնը հակահրասայլային հրթիռներով ռմբակոծեց իսրայէլեան Լիման նորակառոյց դիրքը` ուղղակի հարուածներ հասցնելով եւ մեծ վնասներ պատճառելով:

Հըզպալլայի զինուորական տեղեկատուութեան համաձայն, Դիմադրութիւնը համապատասխան հրթիռներով ռմբակոծած է իսրայէլեան Սըմմեքա դիրքը եւ ուղղակի հարուածներ արձանագրած հոն համախմբուած իսրայէլացի զինուորներուն դէմ ու պատճառած մարդկային վնասներ:

Հըզպալլայի մարտիկները թիրախահար հրթիռներով ռմբակոծեցին իսրայէլեան Ռամթա դիրքը եւ քանդեցին հոն գտնուող լրտեսական սարքերը:

Հըզպալլայի մարտիկներէն Ալի Մըհսեն Օքէյլ, Ալի Ապպաս Եազպեք, Հիւսէյն Ալի Զուհուր եւ Իսմայիլ Ալի Մութլեք միացան «Երուսաղէմի ճամբուն վրայ» նահատակներու փաղանգին:

 

Նախորդը

Զատիկը՝ Յոյսի Վառ Խորհրդանիշ

Յաջորդը

Վերագտնելով Մեր Հոգին

RelatedPosts

Սալամ. «Լիբանանը Թմրեցուցիչներու  Մաքսանենգման, Դրամ Լուալու Կամ Որեւէ Ապօրինի  Գործունէութեան Միջանցք Պիտի Չըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ. «Լիբանանը Թմրեցուցիչներու Մաքսանենգման, Դրամ Լուալու Կամ Որեւէ Ապօրինի Գործունէութեան Միջանցք Պիտի Չըլլայ»

November 2, 2026
«Նախագահի Ընտրութեան Խնդիրը Անոր  Ինքնութեան Շուրջ Է, Եւ Առանց Ազգային Ինքնութեան  Կշիռ Ունեցող Նախագահ Մը Կարելի Չէ Ընդունիլ»  Կ՛ըսէ Շէյխ Քապալան
Լիբանանեան

Շէյխ Քապալան. «Լուծումը Ժողովրդային Լայնածաւալ Բողոքի Մէջ Է` Պատասխանատուութեան Ենթարկելու Լիբանանի Գոյութեան Սպառնացող Խմբակը»

November 2, 2026
Անդրադառնալով Տահր Պայտարի  Պայթուցիկ Նիւթերու Հարցին`  Հաժ Հասան. «Մեղադրանքը Անիրաւ Է  Եւ Հիմնուած Քաղաքական Թելադրանքներու Վրայ»
Լիբանանեան

Անդրադառնալով Տահր Պայտարի Պայթուցիկ Նիւթերու Հարցին` Հաժ Հասան. «Մեղադրանքը Անիրաւ Է Եւ Հիմնուած Քաղաքական Թելադրանքներու Վրայ»

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.