Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆայեատ. «Ուժանիւթի Մարզին Իրավիճակը Ճիշդ Հունի Մէջ Է»

April 4, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ուալիտ Ֆայեատ յայտնեց, որ ուժանիւթի մարզի անցեալին եւ այսօրուան կացութեան միջեւ արմատական տարբերութիւն գոյութիւն ունի:

«Ուժանիւթի մարզին իրավիճակը այսօր շատ աւելի լաւ է, քան ինչ որ էր անցեալ կառավարութեան օրով: Ներկայիս ուժանիւթի արդիւնաբերութիւնը կը հասնի 600 մեկաուաթի եւ օրական 5 ժամուան ելեկտրականութիւն կրնայ տրամադրել», ըսաւ ան:

Ֆայեատ հարցազրոյցի մը ընթացքին նշեց, որ ուժանիւթի մարզին իրավիճակը ճիշդ հունի մէջ է` աւելցնելով, որ նախարարութիւնը ստեղծած է այնպիսի դրութիւն, որ կ՛արտօնէ Ելեկտրական ընկերութեան նիւթապէս կայուն ըլլալ:

Ան հաստատեց, որ Ելեկտրական ընկերութիւնը ամսական դրութեամբ 50 միլիոն տոլարի մուտք կ՛ապահովէ` նկատել տալով, որ ընկերութեան բանեցման դրամագլուխը աւելի քան 50 միլիոն տոլար է:

«Լիբանանի բոլոր ելեկտրական ընկերութիւններուն բանեցման համար պահանջուած ծախսը 600 միլիոն տոլար է, որովհետեւ երկիրը կարիք ունի 1200-1400 մեկաուաթի», յայտնեց ան:

Ֆայեատ յայտնեց, որ Ելեկտրականութեան ընկերութիւնը քաղաքայիններէն սկսած է գանձել սպառած ելեկտրականութեան ծառայութեան ծախսը` աւելցնելով, որ այդ գանձումները սկսած են նաեւ պաղեստինեան գաղթակայաններէն:

Ֆայեատ շեշտեց, որ ուժանիւթի մարզին աշխատանքներուն հսկող խորհուրդի մը գոյութիւնը անհրաժեշտ է, «սակայն անիկա կրնայ արգելակումներու դիմաց գտնուիլ, երբ նշանակումներուն հարցը հասնի նախարարաց խորհուրդ: Այս հարցը զգայուն է եւ անոր լուծումը կարելի է ապահովել քաղաքական ուժերուն միջեւ համախոհութեամբ», ընդգծեց ան:

Ֆայեատ նշեց, որ Լիբանան յանձնառու կը մնայ Իրաքի հետ նաւթի համաձայնագիրին` աւելցնելով, որ Իրաքի կողմէ ցուցաբերուած նաւթի օժանդակութիւնը ողջունելի է` երկու երկիրներուն շահերը ապահովելու եւ երկու երկիրներուն տնտեսութիւնը բարելաւելու իմաստով: «Հետեւաբար Լիբանանի եւ Իրաքի միջեւ գործակցութիւնը պէտք է շարունակուի», նշեց ան:

Նախորդը

Քանաան Ճոնսընի Հետ Քննարկեց Քաղաքական Եւ Ելեւմտական Տագնապները

Յաջորդը

Միքաթի Մաուլաուիի Հետ Քննարկեց Ներքին Գործոց Նախարարութեան Վերաբերող Հարցեր

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.