Լիբանանեան

Կառավարութիւնը Պիտի Գումարէ Իրերայաջորդ  Նիստեր, Իսկ Տոհայի Ժողովը Եղած Է Լուրջ Եւ Դրական

«Եգիպտոսի, Քաթարի Եւ Ամերիկայի Ղեկավարներուն Հաղորդագրութիւնը Կը Մարմնաւորէ Շրջանին Մէջ Լարուածութիւնը Մեղմացնելու Լիբանանի Պատկերացումը» Կ՛ըսէ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը

Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեց, որ «Լիբանանի կառավարութիւնը կ՛ողջունէ Եգիպտոսի, Քաթարի եւ Միացեալ Նահանգներու միացեալ հաղորդագրութիւնը»` աւելցնելով, որ անիկա կը մարմնաւորէ շրջանին մէջ լարուածութիւնը մեղմացնելու, շրջանային լայնածաւալ պատերազմի բռնկման վտանգը վնասազերծելու Լիբանանի պատկերացումը` մեկնելով հիմնական առաջին քայլէ մը, որ Կազայի մէջ անմիջական զինադադարի հաստատումն է եւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 2735 որոշումին գործադրութիւնը, որ հիմնուած է Միացեալ...

Պու Հապիպ. «Լիբանան Կը Զօրակցի Ամերիկեան-Եգիպտական-Քաթարական Հաղորդակցութեան»

Պու Հապիպ. «Լիբանան Կը Զօրակցի Ամերիկեան-Եգիպտական-Քաթարական Հաղորդակցութեան»

Լիբանանի արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի հետ վարչապետարանին մէջ իր հանդիպումէն ետք յայտնեց. «Զինք տեղեակ պահեցի Եգիպտոս այցելութեանս արդիւնքէն, Եգիպտոսի Լիբանանին ու Լիբանանի մէջ պատերազմին վերջ տալու անհրաժեշտութեան անվերապահ աջակցութենէն»: Ան նշեց, որ Լիբանանի մէջ պատերազմը «անշուշտ կապուած է Կազայի մէջ պատերազմին, սակայն մեզ հետաքրքրողը նախ եւ առաջ Լիբանանի մէջ...

Ուաշինկթըն. «Հըզպալլայի Հետ Ուղղակի Հաղորդակցութիւն Չունինք, Սակայն Շրջանին Մէջ Ունինք Գործընկերներ, Որոնք Կուսակցութեան Հետ Կը Խօսին»

Ուաշինկթըն. «Հըզպալլայի Հետ Ուղղակի Հաղորդակցութիւն Չունինք, Սակայն Շրջանին Մէջ Ունինք Գործընկերներ, Որոնք Կուսակցութեան Հետ Կը Խօսին»

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց. «Հըզպալլայի հետ ուղղակի հաղորդակցութիւն չունինք, սակայն շրջանին մէջ ունինք գործընկերներ, որոնք կուսակցութեան հետ կը խօսին»: Նախարարութիւնը յայտնեց, որ տագնապը կրնայ իրանեան տնտեսութեան վնաս պատճառել, «եւ մենք կը շարունակենք Իրանին յստակացնել, թէ պէտք չէ տագնապը մագլցումի մղէ»: Ամերիկացի պաշտօնատար մը իր կարգին «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»-ին յայտնեց. «Իրանը զգուշացուցինք, որ կրնայ աւերիչ հարուածի ենթարկուիլ, եթէ Իսրայէլի...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

- ԻՍՐԱՅԷԼԱՑԻ պաշտպանական մարզի պաշտօնատար մը ամերիկեան «Էյ.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին յայտնած է. «Մեր բանակը Փենթակոնին հետ համակարգում կը կատարէ` պատրաստուելու Իրանին եւ Հըզպալլային հակադարձելու բեմագրութիւններուն»: «Մեզի համար կարմիր գիծերէն մէկը քաղաքայինները թիրախ դարձնող յարձակումի ենթարկուիլն է», նշած է պաշտօնատարը` շեշտելով. «Պատերազմը կամ մագլցումը մեր շահերէն չի բխիր, սակայն մեր քաղաքայիններուն վրայ յարձակումներուն աչք պիտի չփակենք»: - «ՈՒՈԼ ՍԹՐԻԹ ՃԸՌՆԸԼ» օրաթերթը...

Պու Հապիպ. «Իսրայէլեան Մագլցումին Նպատակը Նախագահ Պայտընի Նախաձեռնութիւնը Խոչընդոտելն Է»

Պու Հապիպ. «Իսրայէլեան Մագլցումին Նպատակը Նախագահ Պայտընի Նախաձեռնութիւնը Խոչընդոտելն Է»

Նորվեկիոյ արտաքին գործոց նախարար Էսփըն Պարթ Իտէ հեռաձայնեց Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպին եւ անոր հետ քննարկեց շրջանը լայնածաւալ պատերազմէ զերծ պահելու վերջին ջանքերը: Պու Հապիպ զրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Իսրայէլեան մագլցումի նպատակը խոչընդոտելն է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճոզեֆ Պայտընի Կազայի մէջ զինադադարի նախաձեռնութիւնը, որ Ապահովութեան խորհուրդը որդեգրեց իր թիւ 2735 որոշումով»: Ան դատապարտեց Լիբանանի վրայ Իսրայէլի յարձակումի...

«Լիբանան Ելեկտրականութեան Ոլորտին Մէջ Հսկայական Շրջադարձի Շեմին Է` Սպասելով Իրաքեան Վառելանիւթը Բեռցնելու Օրուան Պաշտօնական Ծանուցման»  Կ՛ըսէ Ֆայեատ

«Լիբանան Ելեկտրականութեան Ոլորտին Մէջ Հսկայական Շրջադարձի Շեմին Է` Սպասելով Իրաքեան Վառելանիւթը Բեռցնելու Օրուան Պաշտօնական Ծանուցման» Կ՛ըսէ Ֆայեատ

Ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ուալիտ Ֆայեատ յայտնեց. «Լիբանանը ելեկտրականութեան ոլորտին մէջ հսկայական շրջադարձի շեմին է` սպասելով իրաքեան սեւ վառելանիւթը բեռցնելու օրուան պաշտօնական ծանուցման»: «Այս վառելանիւթը, որ Լիբանանի մէջ ելեկտրականութեան համար կենսական է, երկրին մէջ ուժանիւթի մարզի կեանքի վերականգնման քայլով մը, կազ օյլին հետ պիտի փոխանակուի», աւելցուց Ֆայեատ: Ան նշեց, որ կը նախատեսուի, որ ատիկա տեղի ունենայ յառաջիկայ երկու...

Կանց. «Պէտք Է Զինուորական Ճնշումը Աւելցնել` Նաեւ Հարուածելով Լիբանանի Ենթակառոյցները»

Կանց. «Պէտք Է Զինուորական Ճնշումը Աւելցնել` Նաեւ Հարուածելով Լիբանանի Ենթակառոյցները»

Իսրայէլի Պետութեան ճամբար կուսակցութեան ղեկավար, նախարարաց պատերազմական սեղմ խորհուրդի նախկին անդամ Պենի Կանց յայտարարեց, որ պէտք է զինուորական ճնշումը աւելցնել` նաեւ հարուածելով Լիբանանի ենթակառոյցները»: «Կառավարութեան ամբողջական կերպով պիտի զօրակցինք, եթէ որոշէ Հըզպալլայի դէմ յարձակողական քայլեր որդեգրել», նշեց Կանց:  

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւր մը «Սի.Էն.Էն.»-ին յայտնեց. «Յստակ չէ, եթէ Հըզպալլան ու Իրանը ներկայիս (Իսրայէլի վրայ) հաւանական յարձակումին հարցով համակարգում կը կատարեն»: «Հըզպալլան կրնայ անակնկալ կերպով գործել` նկատի ունենալով Լիբանանի Իսրայէլին մօտ ըլլալը, ինչ որ Իրանի պարագային ճիշդ չէ», ըսաւ աղբիւրը` աւելցնելով. «Հըզպալլան իր ծրագիրներուն մէջ Իրանէն աւելի արագ կը շարժի եւ կը ձգտի յառաջիկայ օրերուն Իսրայէլը հարուածել»: ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ պատկերասփիւռի 12-րդ կայանը...

Լաքրուա. «ՖԻՆԻՒԼ-ի Դերակատարութիւնը Այսօր Աւելի Քան Երբեք Կարեւոր Է»

Լաքրուա. «ՖԻՆԻՒԼ-ի Դերակատարութիւնը Այսօր Աւելի Քան Երբեք Կարեւոր Է»

Աշխարհի վրայ ՄԱԿ-ի խաղաղապահ առաքելութիւններու ղեկավար Ժան Փիեռ Լաքրուա յայտնեց, որ Իսրայէլ-Լիբանան սահմանին վրայ խաղաղապահ առաքելութեան` ՖԻՆԻՒԼ-ի ներկայութիւնը այսօր «աւելի քան երբեք կարեւոր է, եւ ան  հաղորդակցութեան միակ միջոցն է երկու կողմերուն` իսրայէլեան կողմին ու լիբանանեանին (ներառեալ Հըզպալլան) միջեւ` իր բոլոր տարրերով: Լաքրուա ընդգծեց, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի ներկայութիւնը «հիմնական է, որովհետեւ մեզի կ՛արտօնէ կարգ մը հարցեր յստակացնել եւ սխալ հասկացողութենէն խուսափիլ:...

Հակառակ Յայտարարուող Խոստմնալից  Կեցուածքներուն.  Ժողովրդային Ցոյցերն Ու Բողոքի  Ելոյթները  Շարունակուեցան

Տեր Ամմարի Ելեկտրակայանը Դադրեցաւ Գործելէ Եւ Զահրանի Ելեկտրակայանին Մէջ Միայն Մէկ Արտադրամաս Կը Գործէ

Ելեկտրականութեան ընկերութիւնը երէկ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ Տեր Ամմարի ելեկտրակայանին մէջ վառելանիւթի սակաւութեան պատճառով կանխազգուշական քայլերու որդեգրումէն ետք, Իրաքի եւ Լիբանանի կառավարութիւններուն միջեւ գոյացած համաձայնութեան հիմամբ ուժանիւթի նախարարութեան քարիւղի ընդհանուր տնօրէնութեան կողմէ ո՛չ յուլիսին, ո՛չ ալ մինչեւ այսօր վառելանիւթի փոխանակում կատարուած է` սպասելով իրաքեան կողմին հետ խնդիրի վերջնական լուծման, ուստի կամքէ անկախ այս պայմաններէն մեկնելով Տեր Ամմարի ելեկտրակայանը երէկ...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

- «ԱԽՊԱՐ» օրաթերթը հաղորդեց, որ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ին պատկանող կազմակերպութիւնները, ներառեալ ՖԻՆԻՒԼ-ը սկսած են իրենց օտար պաշտօնեաներու ընտանիքները հեռացնել երկրէն: Նշեալ կազմակերպութիւնները Լիբանանէն դուրս արձակուրդի գտնուող իրենց պաշտօնատարներուն թելադրած են արձակուրդէն ետք առանձին, առանց իրենց ընտանիքներու ընկերակցութեան վերադառնալ աշխատանքի: Աղբիւրներ օրաթերթին յայտնած են, որ որոշումը որդեգրուած է Նիւ Եորքի մէջ` հիմնուելով ՄԱԿ-ի առաքելութիւններու անվտանգութեան առնչակից կողմերու գնահատականներուն վրայ: - «ՍՔԱՅ...

Նասրալլա. «Իսրայէլին Մեր Հակադարձութեան  Ներկայ Սպասումը Պատիժին Մէկ Մասն Է»

Նասրալլա. «Իսրայէլին Մեր Հակադարձութեան Ներկայ Սպասումը Պատիժին Մէկ Մասն Է»

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա Հըզպալլայի բարձրաստիճան հրամանատարներէն Ֆուատ Շուքրի սպանութեան եօթնօրէքին առիթով արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց. «Իսրայէլ կրնայ խօսք արտասանած ատենս Հարաւային արուարձաններուն վերեւ «Ձայնի պատ»-ը խզել` գրգռութեան եւ ոգեկոչման ձեռնարկին ներկաները վախցնելու համար: Եթէ ասիկա տեղի ունենայ, պատշաճ կարգախօսներով կը պատասխանենք»: Նշենք, որ անոր խօսքի ճշդուած ժամէն վայրկեաններ առաջ իսրայէլեան օդուժը 2 անգամ Պէյրութի եւ Մեթնի ծովեզերեայ...

Միքաթի. «Միջազգային Ընտանիքին Կոչ Կ՛ուղղենք`  Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Յարձակումներն  Ու Անոր Ուղղուած Սպառնալիքները Դադրեցնելու»

Միքաթի. «Միջազգային Ընտանիքին Կոչ Կ՛ուղղենք` Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Յարձակումներն Ու Անոր Ուղղուած Սպառնալիքները Դադրեցնելու»

Լիբանանի վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի միջազգային ընտանիքին դարձեալ կոչ ուղղեց Լիբանանի վրայ իսրայէլեան յարձակումներն ու անոր ուղղուած սպառնալիքները դադրեցնելու` ՄԱԿ-ի թիւ 1701 որոշումի ամբողջական գործադրութեան վրայ հիմնուած լուծումի մը գոյացման ճամբան հարթելու համար: «Պէյրութի Հարաւային արուարձաններուն վրայ իսրայէլեան վերջին յարձակումը գոյութիւն ունեցող կացութիւնը բարդացուց եւ ամրապնդեց մտավախութիւնները բախումներու նկատմամբ, որոնք հարցերը դէպի համապարփակ պատերազմ պիտի մղեն», յայտարարեց Միքաթի: «Այս մտավախութիւնները...

Պու Հապիպ. «Մագլցումի Դադրեցման  Առաջին Քայլը Կազայի Վրայ Իսրայէլեան  Յարձակումը Դադրեցնելն Է»

Պու Հապիպ. «Մագլցումի Դադրեցման Առաջին Քայլը Կազայի Վրայ Իսրայէլեան Յարձակումը Դադրեցնելն Է»

Լիբանանի արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ իր եգիպտացի պաշտօնակից Պատր Ապտելաթիի հետ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց. «Պէտք է թիւ 1701 որոշումը ամբողջութեամբ կատարել եւ Իսրայէլ պէտք է հեռանայ լիբանանեան հողերէն»: «Մագլցումի դադրեցման առաջին քայլը Կազայի վրայ իսրայէլեան յարձակումի դադրեցումն է», աւելցուց Պու Հապիպ: «Այսօր Լիբանանի շնորհակալութիւնը կը յայտնեմ Եգիպտոսի` մնայուն կերպով Լիբանանի կողքին կանգնելուն...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

- ՀԸԶՊԱԼԼԱ երէկ յայտարարեց, որ հակադարձելով հարաւային Լիբանանի Ապպա գիւղին վրայ իսրայէլեան յարձակումին եւ ահաբեկման արարքին, անօդաչու թռչող սարքերով յարձակում գործած է բռնագրաւեալ Աքքայի հիւսիսը գտնուող «Շրաղա» զօրանոցին մէջ Կոլանի զօրամասի հրամանատարութեան կեդրոնին եւ «Իկոզ 621» գումարտակի կեդրոնին վրայ` աւելցնելով, որ անօդաչու սարքերը ճշգրիտ կերպով հարուածած են իրենց թիրախները եւ հաստատ մարդկային վնասներ պատճառած: Իսրայէլեան Նահարայայի հիւանդանոցը հաղորդեց, որ Հըզպալլայի...

Ակնարկ.  Ճանաչումի Նախաբանային Ուղերձը

Սպիտակ Տուն. «Մեր Քաղաքացիները Լիբանանէն Հեռանալու վերաբերեալ Զգուշացնելով Կը Փորձենք Միջին Արեւելքի Մէջ Որեւէ Բեմագրութեան Պատրաստուիլ»

Սպիտակ տունը կիրակի օր յայտնեց. «Միացեալ Նահանգներ իրենց քաղաքացիները Լիբանանէն հեռանալու վերաբերեալ զգուշացնելով կը փորձեն Միջին Արեւելքի մէջ որեւէ զարգացումի պատրաստուիլ»: «Միացեալ Նահանգներ օդանաւակիր մը Միջին Արեւելք կ՛ուղարկէ` բացառապէս պաշտպանական նպատակներով», յայտարարեց Սպիտակ տունը` աւելցնելով. «Նպատակը, ընդհանուր առմամբ, շրջանին մէջ լարուածութիւնը մեղմացնելն է»: Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութիւնը` Փենթակոնը յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Լոյտ Օսթին իր իսրայէլացի պաշտօնակից Եոաւ...

Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումի Օրուան Առիթով Երեսփոխան Բագրատունիի Գրառումը

Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումի Օրուան Առիթով Երեսփոխան Բագրատունիի Գրառումը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի 4 օգոստոսին` Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի օրուան առիթով Դիմատետրի վրայ կատարեց հետեւեալ գրառումը. «Տարիներ կ՛անցնին եւ ցաւը կը մնայ մեր սրտերուն մէջ` սպասելով ամբողջական ճշմարտութեան եւ արդարութեան` անմեղ նահատակներու համար, որոնց միակ յանցանքը մայրաքաղաքի կեդրոն գտնուիլն էր»:

Պէյրութի Նաւահանգիստի  Պայթումի 4-Ամեակի Առիթով Հաւաք

Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումի 4-Ամեակի Առիթով Հաւաք

Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի նահատակներուն ընտանեկան պարագաները նաւահանգիստի պայթումի 4-րդ տարելիցին առիթով երթերով հասան նաւահանգիստ, ուր Արտերկրի լիբանանցիի արձանին մօտ կատարեցին հաւաք մը: Հաւաքի ընթացքին արտասանուած խօսքերուն մէջ շեշտուեցաւ ճշմարտութեան եւ հետաքննութեան թղթածրարին մէջ արդարութեան իրագործման պահանջը: Նահատակներուն ընտանեկան պարագաները խոստացան շարունակել իրենց երթը` մինչեւ ճշմարտութեան յայտնաբերումը, ինչպէս նաեւ պայթումին պատճառ դարձածներուն եւ մեղսակիցներուն հաշուետուութեան ենթարկուիլը: Նաւահանգիստի թիւ 3 դարպասին առջեւ...

Պէյրութի Նաւահանգիստի  Պայթումի Օրուան Առիթով Կեցուածքներ

Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումի Օրուան Առիթով Կեցուածքներ

-  ՖՐԱՆՍԱՅԻ նախագահ Էմանուել Մաքրոն Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին 4-րդ տարելիցին առիթով յայտնեց. «Պայթումէն չորս տարի ետք, տակաւին մտքերս լիբանանցիներուն հետ են»: Ան ընդգծեց «Լիբանանի կողքին կանգնելու եւ բոլոր զոհերուն արդարութեան մեր պահանջին նկատմամբ Ֆրանսայի հաստատ յանձնառութիւնը»: -  ՖՐԱՆՉԻՍԿՈՍ պապը անդրադարձաւ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին, նշելով, որ այսօր եւս լիբանանցի ժողովուրդը շատ կը տառապի, եւ ինք մասնաւորաբար կը մտածէ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի...

Միքաթի-Ժոլի Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն

Միքաթի-Ժոլի Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Քանատայի արտաքին գործոց նախարար Մելանի Ժոլիի հետ: Քանատական կողմին նախաձեռնութեամբ կատարուած հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Լիբանանի կացութեան եւ շրջանային զարգացումներուն: Շեշտը դրուեցաւ մագլցումը դադրեցնելու, խաղաղ ճամբով լուծումներ որդեգրելու ու միջազգայն որոշումներու, նախ եւ առաջ թիւ 1701 որոշումը գործադրելու անհրաժեշտութեան վրայ: Վարչապետի պաշտօնակատարը նաեւ վարչապետարանին մէջ շարք մը հանդիպումներ ունեցաւ: Ան հանդիպում...

Page 189 of 986 1 … 188 189 190 … 986

Արխիւներ