Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Օգոստոս 9, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւր մը «Սի.Էն.Էն.»-ին յայտնեց. «Յստակ չէ, եթէ Հըզպալլան ու Իրանը ներկայիս (Իսրայէլի վրայ) հաւանական յարձակումին հարցով համակարգում կը կատարեն»: «Հըզպալլան կրնայ անակնկալ կերպով գործել` նկատի ունենալով Լիբանանի Իսրայէլին մօտ ըլլալը, ինչ որ Իրանի պարագային ճիշդ չէ», ըսաւ աղբիւրը` աւելցնելով. «Հըզպալլան իր ծրագիրներուն մէջ Իրանէն աւելի արագ կը շարժի եւ կը ձգտի յառաջիկայ օրերուն Իսրայէլը հարուածել»:

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ պատկերասփիւռի 12-րդ կայանը հաղորդեց. «Իսրայէլի մէջ գոյութիւն ունի այն գնահատականը, թէ Հըզպալլան յառաջիկայ օրերուն առաջինը պիտի ըլլայ, որ յարձակումը պիտի սկսի»:

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ պատկերասփիւռի 14-րդ կայանը հաղորդեց, որ Իսրայէլ կը նախատեսէր, որ Հըզպալլայի յարձակումը Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար Սէյիտ Հասան Նասրալլայի երեքշաբթի օրուան պատկերասփռուած ճառի ընթացքին տեղի ունենար»:

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ «Իսրայէլ Հայոմ» օրաթերթը գրեց. «Կազայի մէջ իսրայէլեան բանակին կրած կորուստներուն եւ Հըզպալլայի պատրաստութիւններուն լոյսին տակ, Իսրայէլի մէջ գոյութիւն ունի այն կարծիքը, որ պայմանները լայնածաւալ պատերազմի մը համար  իտէալական չեն»:

ԻՍՐԱՅԷԼԱՑԻ  պաշտօնատարներ ամերիկեան «Աքսիոս» կայքին յայտնեցին. «Ուաշինկթընին փոխանցեցինք, որ Հըզպալլան անհամաչափ գին պիտի վճարէ, եթէ իր յարձակումի ընթացքին իսրայէլացի քաղաքայիններու վնաս պատճառէ, նաեւ Ուաշինկթընին յայտնեցինք մեր մտահոգութիւնը, թէ Հըզպալլան կրնայ բնակուած կեդրոններ հարուածել»:

ՖՐԱՆՍԱՅԻ նախագահ Էմանուել Մաքրոն Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին զգուշացուց, որ եթէ Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ Կապոյտ գիծին վրայ պատերազմ ծագի, անոր հետեւանքները քանդիչ պիտի ըլլան:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութենէն աղբիւր մը քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին կը յայտնէ, որ կուսակցութիւնը Լեռնալիբանանի բոլոր գիւղերուն մէջ անհրաժեշտ պատրաստութիւնները սկսած է յառաջացնելու տագնապի դիմակայման բջիջներ` կազմելու համար գործադրուելիք ծրագիրներ, ներառեալ ապահովելու պատսպարման կեդրոններ, մասնաւորաբար պետական դպրոցներու մէջ, ինչ որ առնչակից կողմերէ պաշտօնական արտօնութեան կը կարօտի:

«ԷՐ ՖՐԱՆՍ» եւ «Թրանսաւիա» օդանաւային ընկերութիւնները դէպի Պէյրութ իրենց թռիչքներու առկախումը մինչեւ 11 օգոստոս երկարաձգեցին:

ԶԲՕՍԱՇՐՋԱԿԱՆ սենտիքաներու համադաշնակցութեան ընդհանուր քարտուղար Ժան Պէյրութի յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ զբօսաշրջութեան եղանակը սկսելէն առաջ աւարտեցաւ` նշելով. «Զբօսաշրջութեան եղանակը աւարտեցաւ զբօսաշրջական մարզին  մէջ աւելի քան 3 միլիառ տոլարի վնասներով եւ պանդոկներու աշխատանքի համեմատութիւնը նուազ քան 20 առ հարիւրի նուազելով»:

Նախորդը

Նեթանիահու. «Կազայի Մէջ Պատերազմին Ընդլայնուելով Շրջանային Պատերազմի Վերածուիլը Ռիսք Մըն Է, Որուն Կը Գիտակցիմ, Սակայն Պատրաստ Եմ Զայն Մղելու»

Յաջորդը

Կանց. «Պէտք Է Զինուորական Ճնշումը Աւելցնել` Նաեւ Հարուածելով Լիբանանի Ենթակառոյցները»

RelatedPosts

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»

Հոկտեմբեր 18, 2025
Սալամ Աունի Եւ Պըրրիի Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ Աունի Եւ Պըրրիի Այցելեց

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?