Լիբանանի արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ իր եգիպտացի պաշտօնակից Պատր Ապտելաթիի հետ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց. «Պէտք է թիւ 1701 որոշումը ամբողջութեամբ կատարել եւ Իսրայէլ պէտք է հեռանայ լիբանանեան հողերէն»:
«Մագլցումի դադրեցման առաջին քայլը Կազայի վրայ իսրայէլեան յարձակումի դադրեցումն է», աւելցուց Պու Հապիպ:
«Այսօր Լիբանանի շնորհակալութիւնը կը յայտնեմ Եգիպտոսի` մնայուն կերպով Լիբանանի կողքին կանգնելուն համար, եւ Լիբանան կը սպասէ, որ Եգիպտոս շարունակէ իրեն աջակցելու իր պատմական դերակատարութիւնը, ինչպէս նաեւ կը գնահատէ Լիբանանի նկատմամբ աջակցութիւնն ու զօրակցութիւնը», յայտնեց ան:
Լիբանանեան դիւանագիտութեան պետը նաեւ զգուշացուց «Իսրայէլի` Լիբանանի եւ Կազայի վրայ յարձակումները շարունակելէն»:
Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Պատր Ապտելաթի իր կարգին յայտնեց. «Շրջանային պահը բարդ ու շատ վտանգաւոր է, եւ Եգիպտոս կը շարունակէ տագնապի բոլոր կողմերը յորդորել ինքնազսպում ցուցաբերելու եւ մեր շրջանը զերծ կացուցելու շրջանային համապարփակ պատերազմէ մը»:
Ան յայտնեց, որ Եգիպտոս կը դատապարտէ «շրջանին մէջ մագլցումն ու Լիբանանի վրայ իրերայաջորդ յարձակումները»:
Եգիպտական դիւանագիտութեան պետը դատապարտեց «Լիբանանին ենթարկուած յարձակումները, մասնաւորաբար Հարաւային արուարձաններուն ենթարկուած յարձակումը», եւ յայտնեց. «Մենք` իբրեւ ղեկավարութիւն, կառավարութիւն ու ժողովուրդ, կը զօրակցինք Լիբանանի եւ անոր ժողովուրդին»:
«Մենք դատապարտեցինք քաղաքական ահաբեկումները եւ ընդհանրապէս ահաբեկումները, եւ լիովին կը մերժենք ու կը դատապարտենք պետութիւններու եւ անոնց գերիշխանութեան թիրախաւորումը», յայտնեց Ապտելաթի` նշելով. «Այդ մագլցողական քաղաքականութիւնը միայն յաւելեալ բռնութեան պիտի յանգեցնէ շրջանին մէջ, որ յաւելեալ տագնապներէն խոցելի դարձաւ»:
Ան նշեց, որ անոնք քննարկած են այն շարունակական հաղորդակցութիւնները, որ Եգիպտոս տարբեր կողմերու հետ կը կատարէ` մագլցումը դադրեցնելու եւ շրջանային պատերազմէ խուսափելու համար:
«Պու Հապիպին նաեւ վստահեցուցի, որ ճիգ պիտի չխնայենք Լիբանանը այս մագլցումէն զերծ կացուցելու համար մեր դիւանագիտական օժանդակութիւնը շարունակելու», ընդգծեց եգիպտական դիւանագիտութեան պետը:
Ան եւս շեշտեց. «Մագլցումը դադրեցնելու միակ ուղին Կազայի մէջ անմիջական զինադադարի հաստատումն է եւ դադրեցումը Կազայի դէմ անիրաւ պատերազմին»:
Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարը վերահաստատեց իր երկրին ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումը «ամբողջութեամբ, անմիջապէս, առանց մասնատման եւ առնչակից բոլոր կողմերուն կողմէ գործադրման Եգիպտոսի զօրակցութիւնը»: