Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

August 10, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

– ԻՍՐԱՅԷԼԱՑԻ պաշտպանական մարզի պաշտօնատար մը ամերիկեան «Էյ.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին յայտնած է. «Մեր բանակը Փենթակոնին հետ համակարգում կը կատարէ` պատրաստուելու Իրանին եւ Հըզպալլային հակադարձելու բեմագրութիւններուն»:

«Մեզի համար կարմիր գիծերէն մէկը քաղաքայինները թիրախ դարձնող յարձակումի ենթարկուիլն է», նշած է պաշտօնատարը` շեշտելով. «Պատերազմը կամ մագլցումը մեր շահերէն չի բխիր, սակայն մեր քաղաքայիններուն վրայ յարձակումներուն աչք պիտի չփակենք»:

– «ՈՒՈԼ ՍԹՐԻԹ ՃԸՌՆԸԼ» օրաթերթը հաղորդեց. «Հըզպալլան միջնորդներուն յայտնեց, որ մտադիր է Ֆուատ Շուքրի սպանութեան հակադարձել, անկախ Միացեալ Նահանգներու, Եգիպտոսի եւ Քաթարի հրաւիրած բանակցութիւններուն արդիւնքներէն»:

– ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ քուէյթեան «Ժարիտա» օրաթերթին յայտնած են, որ «Հըզպալլայի հակադարձութիւնը մօտալուտ եւ ուժեղ պիտի ըլլայ»` աւելցնելով, որ ատիկա կրնայ Իսրայէլի հետ սահմանափակ` քանի մը օր տեւողութեամբ պատերազմի յանգեցնել:

– ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Լիբանանէն հեռանալ փափաքողները կը քաջալերենք իրենց հասանելի որեւէ օդանաւային տոմս ապահովելու, նոյնիսկ եթէ թռիչքը անմիջապէս կամ իրենց նախասիրած երթով չէ»:

«Լիբանանէն հեռանալ չընտրող ամերիկացի քաղաքացիները կը յորդորենք պատրաստելու արտակարգ ծրագիրներ դիմակայելու համար արտակարգ կացութիւնները, եւ պատրաստուելու իրենց գտնուած վայրին մէջ երկար ժամանակ մնալու», նշեց դեսպանատունը:

– ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հասան Իզէտտին յայտնեց. «Սիոնական թշնամիին հակադարձումը անխուսափելի է, ըլլայ ան Լիբանանի մէջ իսլամական Դիմադրութեան, Իսլամական Հանրապետութեան, Եմէնի կամ Իրաքի կողմէ»:

«Պատասխանը ուժեղ եւ ազդու պիտի ըլլայ, ինչպէս նաեւ թշնամիի գործած ոճիրին համաչափ, որպէսզի զայն եւ անոր ոճիրները զսպէ», ըսաւ երեսփոխանը:

– ԿԻՊՐԱԿԱՆ կառավարութիւնը յայտարարեց, որ պատրաստ է եւրոպացի քաղաքայինները Լիբանանէն հեռացնելուն օգնելու:

– ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւր մը քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին հաւանական նկատեց, որ լայնածաւալ պատերազմէն խուսափելու համաձայնութիւն մը կրնայ գոյացած ըլլալ, եւ զայն կարելի է փոխարինել Դիմադրութեան առանցքին կողմէ Իսրայէլի վրայ սահմանափակ հակադարձութեան, եւ թերեւս առանց ատոր:

Ան աւելցուց, որ գոյութիւն ունին տեղեկութիւններ, թէ լիբանանեան թղթածրարը անջատուած է մնացեալ ճակատէն, եւ Իսրայէլի հետ սահմանին վրայ Կազային թիկունք կանգնելու բախումները պիտի աւելնան, առանց որ բախումի կանոններէն դուրս գան: Ըստ գոյացած այդ համաձայնութեան վերաբերեալ տեղեկութիւններուն, համաձայնութեան կէտերէն մէկը կը վերաբերի Սուրիոյ մէջ քարիւղի կեդրոններուն, ինչպէս նաեւ Իսրայէլի վրայ ամերիկեան ճնշումներու բարձրացման, որպէսզի ընդունի Կազայի մէջ զինադադարի հաստատումը:

– ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Ապպաս Հալապի վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի հետ հանդիպումէն ետք յայտնեց, որ վարչապետէն խնդրած է պետական քննութիւններու արտակարգ փուլ կատարելու որոշումը որդեգրել ընթացիկ կառավարութեան յաջորդ նիստին, «եւ կը նախատեսուի, որ հրամանագիրի հրապարակումէն ետք արտակարգ փուլը սկսի շաբաթ, 24 օգոստոսին եւ շարունակուի մինչեւ 28 կամ 29 օգոստոս, ըստ այն մասնաճիւղին, ուր թեկնածուները պիտի ներկայանան»:

Նախորդը

Քաթարը, Եգիպտոսն Ու Միացեալ Նահանգները Իսրայէլին Եւ Համասին Կոչ Կ՛ուղղեն` 15 Օգոստոսին Բանակցութիւնները Շարունակելու Տոհայի Կամ Գահիրէի Մէջ

Յաջորդը

Ուաշինկթըն. «Հըզպալլայի Հետ Ուղղակի Հաղորդակցութիւն Չունինք, Սակայն Շրջանին Մէջ Ունինք Գործընկերներ, Որոնք Կուսակցութեան Հետ Կը Խօսին»

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.