Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
- «ԺԱՏԻՏ»-Ի տեղեկութեան համաձայն, «Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ յառաջիկայ օրերուն պիտի այցելէ Գահիրէ, եւ հաւանական է, որ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարը Պէյրութ այցելէ»: - ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւր մը քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին. «Լիբանանի պաշտօնատարներուն փոխանցուեցան դիւանագիտական պատգամներ, որոնք կը զգուշացնեն, թէ Իսրայէլ կրնայ դիմել կայծակնային ու մեծապէս քանդիչ օդային բուռն յարձակումի մը, որ նախորդներէն տարբեր պիտի ըլլայ»: - ...



















