ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի 4 օգոստոսին` Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի օրուան առիթով Դիմատետրի վրայ կատարեց հետեւեալ գրառումը.
«Տարիներ կ՛անցնին եւ ցաւը կը մնայ մեր սրտերուն մէջ` սպասելով ամբողջական ճշմարտութեան եւ արդարութեան` անմեղ նահատակներու համար, որոնց միակ յանցանքը մայրաքաղաքի կեդրոն գտնուիլն էր»: