– «ԱԽՊԱՐ» օրաթերթը հաղորդեց, որ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ին պատկանող կազմակերպութիւնները, ներառեալ ՖԻՆԻՒԼ-ը սկսած են իրենց օտար պաշտօնեաներու ընտանիքները հեռացնել երկրէն:
Նշեալ կազմակերպութիւնները Լիբանանէն դուրս արձակուրդի գտնուող իրենց պաշտօնատարներուն թելադրած են արձակուրդէն ետք առանձին, առանց իրենց ընտանիքներու ընկերակցութեան վերադառնալ աշխատանքի:
Աղբիւրներ օրաթերթին յայտնած են, որ որոշումը որդեգրուած է Նիւ Եորքի մէջ` հիմնուելով ՄԱԿ-ի առաքելութիւններու անվտանգութեան առնչակից կողմերու գնահատականներուն վրայ:
– «ՍՔԱՅ ՆԻՈՒԶ» հաղորդեց, որ Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Տէյվիտ Լամի յայտնած է. «Իսրայէլն ու Լիբանանը պատերազմի եզրին են, եւ եթէ ինքնազսպում չցուցաբերենք, աղէտալի հետեւանքներ պիտի տեսնենք»:
– «ԹԱՅՄԶ» կը հաղորդէ, որ աւելի քան 1000 բրիտանացի զինուորներ պատրաստ վիճակի մէջ դրուած են Բրիտանիոյ քաղաքացիները Լիբանանէն հեռացնելու համար:
– «ՌՈՅԹԸՐԶ» հաղորդեց, որ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը յայտնած է. «Գերմանիոյ քաղաքացիներուն անգամ մը եւս կոչ կ՛ուղղենք` շտապ կերպով Լիբանանէն հեռանալու»:
– ԳԵՐՄԱՆԱԿԱՆ «Լուֆթանզա» օդանաւային ընկերութիւնը դէպի Թել Աւիւ, Թեհրան եւ Պէյրութ իր բոլոր թռիչքներու առկախումը երկարաձգեց մինչեւ 13 օգոստոս:
– ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու կարիքաւոր քաղաքացիները, որոնք Միացեալ Նահանգներ վերադառնալու համար օգնութեան կարիք ունին, «կրնան հայրենիք վերադառնալու համար վարկ ստանալ»:
– «ՊԼՈՒՄՊԸՐԿ» հաղորդեց, որ Կիպրոսի նախագահ Նիքոս Քրիսթոտուլիտես յայտնած է. «Աւելի քան 10 երկիրներէ դիմումներ ստացանք տագնապի մագլցման պարագային իրենց քաղաքացիները Լիբանանէն հեռացնելու օգնելու համար»:
– ԱՆԾԱՆՕԹՆԵՐ Շուէյֆաթ շրջանին մէջ նետած են Մաժտալ Շամսի եւ Լեռնալիբանանի մէջ 11 մայիսի դէպքերու զոհերուն լուսանկարներով թռուցիկներ, որոնց վրայ գրուած է. «Ո՜վ Հըզպալլա, անոնց եւ 11 մայիսի զոհերուն վրէժը պիտի լուծենք»:
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան Շուէյֆաթի բաժանմունքը դէպքը նկատեց «բացայայտ նպատակներով կասկածելի քայլ» եւ ապահովական ուժերուն կոչ ուղղեց բացայայտելու այդ «սադրիչ թռուցիկներու» ետին կանգնողները եւ զանոնք հաշուետուութեան ենթարկելու: Կուսակցութիւնը ընդգծեց, որ կառչած կը մնայ ազգային միասնականութեան` «ընդդէմ իսրայէլացի թշնամիին եւ անոր ծրագիրներուն»:
– ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Սիմոն Ապի Ռամիա յայտարարեց, որ կը հրաժարի Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութենէն` նշելով, որ հոսանքը «իսկական գործընկերութեան, լուրջ խորհրդակցութեան ու դրական ժողովրդավարութեան» սկզբունքներէն շեղած է եւ անոր կանոնադրութիւնը վերածուած է նախագահական կանոնադրութեան, եւ սկսած է բազմակարծութենէն դէպի «միակողմանիութիւն ու ինքնագլխութիւն երթը»:
– ՄԱՐՈՆԻ եպիսկոպոսներու խորհուրդը երէկ Տիմանի մէջ մարոնիներու Ռայի պատրիարքին նախագահութեամբ իրենց ամէնամսեայ ժողովի աւարտին հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիին վերստին կոչ ուղղեցին` «հայրենիքի դիմագրաւած վտանգներուն եւ հարաւային Լիբանանի մէջ ընթացող պատերազմի ահաւորութեան լոյսին տակ մինչեւ նախագահի ընտրութիւն իրերայաջորդ նիստերով խորհրդարանի նիստ հրաւիրելու, որովհետեւ պետութիւնը պէտք է իր բոլոր հաստատութիւններով եւ ծառայութիւններով ներկայ ըլլայ դիմակայելու համար այս ճակատագրական իրավիճակը»:
Մարոնի եպիսկոպոսները նաեւ երեսփոխանական բոլոր պլոքներուն կոչ ուղղեցին` մասնակցելու «սահմանադրական այս հիմնական հոլովոյթին»:
– ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարի երէկ դեսպանատան մէջ ընդունեց Ազգային ազատ հոսանքի փոխնախագահ տոքթ. Նաժի Հայեքը: Քննարկուեցան Լիբանանի եւ շրջանին մէջ ներկայ քաղաքական եւ հասարակաց հետաքրքրութեան հարցեր:


