Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միքաթի. «Միջազգային Ընտանիքին Կոչ Կ՛ուղղենք` Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Յարձակումներն Ու Անոր Ուղղուած Սպառնալիքները Դադրեցնելու»

August 7, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի միջազգային ընտանիքին դարձեալ կոչ ուղղեց Լիբանանի վրայ իսրայէլեան յարձակումներն ու անոր ուղղուած սպառնալիքները դադրեցնելու` ՄԱԿ-ի թիւ 1701 որոշումի ամբողջական գործադրութեան վրայ հիմնուած լուծումի մը գոյացման ճամբան հարթելու համար:

«Պէյրութի Հարաւային արուարձաններուն վրայ իսրայէլեան վերջին յարձակումը գոյութիւն ունեցող կացութիւնը բարդացուց եւ ամրապնդեց մտավախութիւնները բախումներու նկատմամբ, որոնք հարցերը դէպի համապարփակ պատերազմ պիտի մղեն», յայտարարեց Միքաթի:

«Այս մտավախութիւնները կը փոխանցեմ Լիբանանի բարեկամ բոլոր պետութիւններուն պաշտօնատարներուն, որոնց հետ հաղորդակցութիւններ եւ հանդիպումներ կ՛ունենամ, եւ նախանձախնդիր կ՛ըլլամ, որ անոնք դռնփակ ըլլան, որովհետեւ լուռ դիւանագիտութիւնը մեր գտնուած այսպիսի նուրբ պայմաններուն մէջ ամէնէն յաջողն է», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Այս առումով այն, ինչ որ կրնամ բացայայտել, այն է, որ երէկ կատարած հաղորդակցութիւններուս եւ ունեցած հանդիպումներուս շարքը նպաստեց Լիբանանի բարեկամներուն մօտ գոյացնելու այն համոզումը, թէ հրամայական է Իսրայէլի վրայ ճնշում բանեցնել, որպէսզի վիճակը չյանգի կացութեան մը, որուն հետեւանքները կարելի չէ նախատեսել: Այդ ճնշումը կը շարունակուի, եւ կը յուսանք, որ անիկա կարելի եղածին չափ շուտ գոհացուցիչ արդիւնքներու կը յանգի»:

«Լիբանանի դէմ իսրայէլեան սպառնալիքները լիբանանցիներուն վրայ հոգեբանական պատերազմի ծիրին մէջ են, սակայն դժբախտաբար ոմանք կը նպաստեն այդ պատերազմին` խօսելով յարձակումներու ժամկէտներու մասին եւ արդարացնելով անոնց նպատակները, մինչ բոլորը գիտեն, թէ լուծումին բանալին կրակոցի եւ իսրայէլեան յարձակումներու դադրեցումն են, ինչպէս նաեւ պաղեստինցի ժողովուրդին վրայ յարձակումի դադրեցումը եւ անոր արդար իրաւունքները տալը», ըսաւ վարչապետի պաշտօնակատարը:

Միքաթի նաեւ նշեց. «Մեր հաղորդակցութիւնները կը շարունակուին, եւ պիտի չխնայենք որեւէ ջանք, որ իսրայէլեան յարձակումին ու սպառնալիքներու դադրեցման եւ Լիբանանի մէջ կայունութեան վերականգնման կ՛առաջնորդեն: Ինչպէս նաեւ լիբանանեան կառավարական առնչակից ծառայութիւնները կը շարունակեն տարբեր ոլորտներու մէջ գետնի վրայ իրենց աշխատանքը` քայլ պահելու համար զարգացումներուն հետ:

«Իսկ ինչ կը վերաբերի ձրի քննադատութիւններուն, որոնց կրկնութենէն ոմանք հաճոյք կը ստանան, ո՛չ մենք, ո՛չ ալ մտահոգ ժողովուրդը որեւէ կարեւորութիւն պիտի տանք անոնց, որովհետեւ ներկայ զգայուն պահուն պահանջուածը լիբանանցիներուն տառապանքներն ու մտավախութիւնները նուազեցնողին վրայ կեդրոնանալն է, եւ ոչ թէ` խոր վէճերը բորբոքելը»:

 

Նախորդը

Պու Հապիպ. «Մագլցումի Դադրեցման Առաջին Քայլը Կազայի Վրայ Իսրայէլեան Յարձակումը Դադրեցնելն Է»

Յաջորդը

Նասրալլա. «Իսրայէլին Մեր Հակադարձութեան Ներկայ Սպասումը Պատիժին Մէկ Մասն Է»

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.