Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

- ԵՐԷԿ կէսօրին Քեսրուանի, Ժըպէյլի եւ Պէյրութի բնակիչները զգացին ուժեղ երկրաշարժի մը ցնցումը: Թրիփոլիի բնակիչները թեթեւ ցնցում մը զգացին: Յորդանանեան երկրաբանական դիտարանը յայտարարեց, որ հիւսիսային Սուրիոյ մէջ 5,1 աստիճան ուժգնութեամբ երկրաշարժ մը նշմարած է: - «ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ Փոսթ» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլայի հետ սերտ կապ ունեցող աղբիւր մը յայտնած է. «Կրնանք ըսել, թէ Հըզպալլան իր վրիժառական գործողութիւնը Քաթարի բանակցութիւններուն ընթացքին պիտի չշղթայազերծէ,...

Խմբագրական.  Տարեփակի-Տարեմուտի Խոհեր (Զ.)  «Ազդակ»-ի Նաւուն Առագաստը Բաց Պահելու Համար

Մամլոյ Արձակուրդ

Աստուածածնայ վերափոխման տօնին առիթով եւ համաձայն Մամլոյ սենտիքայի որոշումին, «Ազդակ» լոյս պիտի չտեսնէ ուրբաթ, 16 օգոստոս 2024-ին: Մեր յաջորդ թիւը` շաբաթ, 17 օգոստոս 2024-ին:  

Այսօր Քաթարի Մէջ Կազայի Շուրջ  Բանակցութիւններու Նախօրեակին.  Հոքշթայն. «Դիւանագիտական Լուծում Գտնելը  Հրատապ Հարց Է. Պէտք Է Օգտուիլ Դիւանագիտական  Լուծումի Պատուհանէն, Ժամանակը Հիմա Է»

Այսօր Քաթարի Մէջ Կազայի Շուրջ Բանակցութիւններու Նախօրեակին. Հոքշթայն. «Դիւանագիտական Լուծում Գտնելը Հրատապ Հարց Է. Պէտք Է Օգտուիլ Դիւանագիտական Լուծումի Պատուհանէն, Ժամանակը Հիմա Է»

Ամերիկացի պատուիրակ Էյմըս Հոքշթայն երէկ հասաւ Պէյրութ, ուր խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ հանդիպումէն ետք յայտնեց. «Երբ անցեալ յունիսին Լիբանան էի, ըսի, թէ կը հաւատամ, որ Հըզպալլայի եւ Իսրայէլի միջեւ տագնապը երկար ժամանակ շարունակուեցաւ, եւ դիւանագիտական լուծումը հրատապ է եւ հրամայական»: «Ցաւալին այն է, որ ատիկա տակաւին ճիշդ է, եւ մենք կը հաւատանք, որ դիւանագիտական լուծումի գոյացումը կարելի է, որովհետեւ...

Հոքշթայնի Պէյրութ Ժամանումէն Անմիջապէս Առաջ.  «Լիբանան Կառչած Կը Մնայ Իր Հողերը Ազատագրելու  Եւ Գերիշխանութիւնը Պահպանելու Իրաւունքին»  Յայտարարեց Միքաթի

Հոքշթայնի Պէյրութ Ժամանումէն Անմիջապէս Առաջ. «Լիբանան Կառչած Կը Մնայ Իր Հողերը Ազատագրելու Եւ Գերիշխանութիւնը Պահպանելու Իրաւունքին» Յայտարարեց Միքաթի

Ընթացիկ աշխատանքներու կառավարութիւնը երէկ առաւօտեան գումարեց նիստ մը, որուն սկիզբը վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի արտասանեց խօսք մը, որուն ընթացքին յայտարարեց. «Պատերազմական գործողութիւններու մագլցումին, լարուածութեան աճին եւ իսրայէլեան թշնամիին ջարդեր գործել շարունակելուն լոյսին տակ, իբրեւ կառավարութիւն կ՛ընդգծենք մեր կառչացութիւնը իր հողերը ազատագրելու եւ գերիշխանութիւնը պահպանելու Լիբանանի իրաւունքին: Բուռն կերպով կը դատապարտենք Թապիին դպրոցի ջարդը, որ Իսրայէլ գործեց անմեղներու դէմ, եւ որուն...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

- ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ մէջ ամերիկացի կառավարական պաշտօնատար մը «Սքայ Նիուզ Արապիա»-ին յայտնեց, թէ ամերիկեան վարչակազմին ամերիկացի քաղաքացիները Լիբանանէն հեռացնելու համար որդեգրած ծրագիրը կրնայ ներառել 100 հազար անձեր, որոնց մեծամասնութիւնը երկակի քաղաքացիութեան տէր է: Պաշտօնատարը նշած է, որ քաղաքացիներու հեռացման ծրագիրը, որուն գործադրութիւնը տակաւին կախեալ է զարգացումներէն, կրնայ մեծագոյնը ըլլալ, բաղդատմամբ ամերիկացիներու 1975 թուականին Վիեթնամի մայրաքաղաք Հանոյէն եւ 2021 թուականին Աֆղանիստանի մայրաքաղաք...

Միքաթի. «Ներկայ Փուլին Լիբանանցիները  Միաւորող Միակ Մտահոգութիւնը Իսրայէլեան  Սպառնալիքներն Ու Շարունակուող  Յարձակումը Դիմակայելն Է»

Միքաթի. «Ներկայ Փուլին Լիբանանցիները Միաւորող Միակ Մտահոգութիւնը Իսրայէլեան Սպառնալիքներն Ու Շարունակուող Յարձակումը Դիմակայելն Է»

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի շարունակեց վարչապետարանին մէջ ընթացիկ աշխատանքներու կառավարութեան պատրաստած արտակարգ կացութեան ծրագիրի հետապնդման ծիրին մէջ ժողովներու շարքը: Միքաթի ժողովներուն ընթացքին շեշտեց. «Ներկայ փուլին լիբանանցիները միաւորող միակ մտահոգութիւնը իսրայէլեան նոր սպառնալիքներն ու ամիսներէ ի վեր Լիբանանի վրայ շարունակուող յարձակումը դիմակայելն է»: Ան ըսաւ, որ միջազգային ընտանիքն ու միջազգային մարմիններն ու կազմակերպութիւնները պէտք է Լիբանանի նկատմամբ իրենց պարտաւորութիւնները կատարեն եւ...

Ֆրանսայի Դեսպանը Հանդիպում Ունեցաւ  Միքաթիի Եւ Պու Հապիպի Հետ

Ֆրանսայի Դեսպանը Հանդիպում Ունեցաւ Միքաթիի Եւ Պու Հապիպի Հետ

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Հերվէ Մակրոն: Հանդիպումի ընթացքին անոնք քննարկեցին Լիբանանի եւ շրջանին մէջ կացութիւնը, ինչպէս նաեւ բռնարարքներն ու լարուածութիւնները դադրեցնելու ջանքերը: Ֆրանսայի դեսպանը այցելեց նաեւ արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպի եւ անոր հետ քննարկեց արդի հարցերը, մասնաւորաբար հինգշաբթի օր Կազայի մէջ զինադադարի վերաբերեալ նախատեսուած բանակցութիւնները, որոնք իրենց անդրադարձը պիտի ունենան լիբանանեան թատերաբեմին...

«Հարաւային Լիբանանի Մէջ Տագնապի  Ընդլայնումը Ոչ Ոքի Շահերէն Կը Բխի»  Կ՛ըսէ Բրիտանիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը

Լամի. «Միջին Արեւելքի Մէջ Կայունութեան Համար Վճռորոշ Պահ Է»

Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Տէյվիտ Լամի հեռաձայնեց Լիբանանի վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիին եւ անոր հետ քննարկեց Լիբանան-Բրիտանիա յարաբերութիւններն ու Լիբանանի եւ շրջանին մէջ տիրող կացութիւնը: «Միջին Արեւելքի մէջ կայունութեան համար վճռորոշ պահ է, եւ յաւելեալ յապաղում չի կրնար ըլլալ, այլ կռիւը պէտք է հիմա դադրի», յայտնեց բրիտանական դիւանագիտութեան պետը: «Պէտք է բոլոր կողմերը շտապ եւ անմիջական կերպով կացութիւնը հանդարտեցնեն», ըսաւ...

«Ոչ Քանդիչ» Երկրաշարժ Մը  Հարուածեց Սուրիան

«Ոչ Քանդիչ» Երկրաշարժ Մը Հարուածեց Սուրիան

«Ռոյթըրզ» հաղորդեց, որ 5,46 աստիճան ուժգնութեամբ երկրաշարժ մը հարուածած է Յորդանանի եւ Սուրիոյ շրջանը: Յորդանանի երկրաբանական ծառայութիւնը նշեց. «Սուրիան հարուածած երկրաշարժը քանդիչ չէ»: Նշենք, որ երկուշաբթի գիշեր ժամը 11:56-ին Պէյրութի, Մեթնի եւ հիւսիսային Լիբանանի մէջ մինչեւ Հերմել հասնող շարք մը շրջաններ երկրաշարժը զգացին: Սուրիական ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը նշեց. «Համա քաղաքի արեւելքը տեղի ունեցաւ երկրաշարժ մը, որ շարք մը նահանգներու բնակիչներ...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

- ՔԱՆԱՏԱՅԻ վարչապետ Ճասթին Թրուտօ յայտնեց. «Իսրայէլի եւ Հըզպալլայի միջեւ տագնապի մագլցման իսկական վտանգ գոյութիւն ունի»: Թրուտօ իր երկրի քաղաքացիներուն կոչ ուղղեց` «անմիջապէս Լիբանանէն հեռանալու»` նշելով. «Քանատայի քաղաքացիները կը քաջալերենք եւ անոնց կոչ կ՛ուղղենք` Լիբանանէն հեռանալու, քանի տակաւին ճամբորդական թռիչքները կան»: - ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Սքայ Նիուզ»-ին. «Ամերիկացի պատուիրակ Էյմըս Հոքշթայն վաղը Պէյրութի մէջ հանդիպումներ պիտի ունենայ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի եւ խորհրդարանի...

Կալանթ. «Իրանն Ու Հըզպալլան Կը Սպառնան  Աննախադէպ Վնաս Պատճառել Մեզի, Եւ Գերիներու  Տունդարձի Գործարքի Կնքման  Ուշացման Պատճառը Իսրայէլն Է»

Կալանթ. «Իրանն Ու Հըզպալլան Կը Սպառնան Աննախադէպ Վնաս Պատճառել Մեզի, Եւ Գերիներու Տունդարձի Գործարքի Կնքման Ուշացման Պատճառը Իսրայէլն Է»

Իսրայէլ կը պատրաստուի մագլցումի յաջորդ փուլին: «Իսրայէլ Հայոմ» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթ: «Մեր թշնամիները` Իրանը եւ Հըզպալլան կը սպառնան մեզի վնասել այնպէս, ինչպէս նախապէս չեն փորձած: Սակայն անոնք, որոնք պիտի փորձեն, պիտի բախին մեր կողմէ պատասխան հարուածի, որ նախապէս չեն տեսած: «Մենք զգալի կարելիութիւններ ունինք, եւ յոյսով եմ, որ անոնք վերատեսութեան կ՛ենթարկեն...

Միքաթի. «Իսրայէլեան Սպառնալիքները  Դադրեցնելու Դիւանագիտական Հաղորդակցութիւնները  Աշխուժ Են, Եւ Լիբանան Կառչած  Կը Մնայ ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան»

Միքաթի. «Իսրայէլեան Սպառնալիքները Դադրեցնելու Դիւանագիտական Հաղորդակցութիւնները Աշխուժ Են, Եւ Լիբանան Կառչած Կը Մնայ ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան»

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի յայտնեց, որ նախարարութիւնները եւ լիբանանեան բոլոր ծառայութիւնները միջազգային առնչակից կազմակերպութիւններու եւ հասարակական կազմակերպութիւններու հետ գործակցաբար կը շարունակեն «մեր անցած դժուար կացութեան եւ հաւանական որեւէ զարգացման դիմակայման համար» պէտք եղած քայլերը որդեգրել: Ան միեւնոյն ժամանակ շեշտեց. «Բազմաթիւ ուղղութիւններով դիւանագիտական աշխուժ հաղորդակցութիւններ կան դադրեցնելու Լիբանանի դէմ իսրայէլեան սպառնալիքները, եւ միւս կողմէ` Կազայի մէջ զինադադարի հասնելու համար»: Վարչապետի պաշտօնակատարը...

Պըրրի. Պատրաստ Եմ Նախագահի Ընտրութիւնը  Նախապատրաստելու Համար Անմիջապէս Երկխօսութեան  Կամ Խորհրդակցութեան Հրաւիրելու»

Պըրրի. Պատրաստ Եմ Նախագահի Ընտրութիւնը Նախապատրաստելու Համար Անմիջապէս Երկխօսութեան Կամ Խորհրդակցութեան Հրաւիրելու»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի «Ժումհուրիա» օրաթերթին յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը կ՛անջատէ պատերազմէն: Ան ամբողջական պատրաստակամութիւն յայտնեց հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը նախապատրաստելու համար անմիջապէս երկխօսութեան կամ խորհրդակցութեան հրաւիրելու, եթէ առնչակիցները պատրաստ են «նախ երկխօսութիւն, ապա նախագահութիւն» սկզբունքի հիմամբ այդ հրաւէրը դրական կերպով ընկալելու: Պըրրի, սակայն, մտավախութիւն յայտնեց, որ ոմանք իր նախաձեռնութիւնը կը մերժեն` տեսնելու համար, թէ պատերազմը ինչպէ՛ս պիտի աւարտի: «Ոմանք...

Ֆատլալլա. «Պատերազմը Մեր Ազատ Կամքով  Ու Համոզումով Մղեցինք, Որովհետեւ  Այլընտրանքը Չունէինք»

Ֆատլալլա. «Պատերազմը Մեր Ազատ Կամքով Ու Համոզումով Մղեցինք, Որովհետեւ Այլընտրանքը Չունէինք»

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հասան Ֆատլալլա յայտնեց. «Պատերազմը մեր ազատ կամքով ու համոզումով մղեցինք, որովհետեւ մեր առջեւ այլընտրանք չկար, որովհետեւ որեւէ մարդ եւ ազատ խղճի տէր անձ կրնայ Կազայի մէջ տեղի ունեցողին նայիլ եւ դիտողի կարգավիճակին մէջ մնալ, հակառակ այդ ժողովուրդին թիկունք կանգնելու կարելին ընելու իր կարողութեան: Իսկ մենք հարաւային Լիբանանի մէջ այս որոշումը տուինք` յստակ հաշուեկշիռով եւ յստակ...

Մաուլաուի Հանդիպում Ունեցաւ Դեսպան Պուխարիի Հետ

Մաուլաուի Հանդիպում Ունեցաւ Դեսպան Պուխարիի Հետ

Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութիւններու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարին: Հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի եւ շրջանի զարգացումները, մասնաւորաբար քաղաքական եւ ապահովական մակարդակի վրայ: Քննարկուեցան նաեւ հարաւային Լիբանանի մէջ վերջին զարգացումներն ու միջազգային որոշումներու գործադրման կարեւորութիւնը: Նախարարի պաշտօնակատար Մաուլաուի շնորհակալութիւն յայտնեց «Սէուտական Արաբիոյ` իր թափած ջանքերուն եւ մշտապէս Լիբանանի կողքին կանգնելուն...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

- ԳԵՐՄԱՆԱԿԱՆ «Լուֆթանզա» օդանաւային ընկերութիւնը յայտարարեց, որ մինչեւ 21 օգոստոս կ՛առկախէ դէպի Պէյրութ, Թել Աւիւ, Ամման, Թեհրան եւ Էրպիլ իր բոլոր թռիչքները: - «ԷՐ ՖՐԱՆՍ» եւ «Թրանսաւիա» ընկերութիւնները յայտարարեցին, որ «Լիբանանի մէջ աշխարհաքաղաքական կացութեան պատճառով» մինչեւ 14 օգոստոս կ՛երկարաձգեն դէպի Պէյրութ իրենց օդանաւային թռիչքները: «Էր Ֆրանս» նշեց, որ 29 յուլիսէն ի վեր Լիբանանի մէջ ապահովական կացութեան պատճառով դադրած թռիչքներու վերականգնումը...

Պլինքըն Կալանթին Կը Յայտնէ Իսրայէլի Եւ Լիբանանի Մէջ Ընտանիքներուն Տունդարձը Արտօնող Դիւանագիտական Լուծումի Մը Կարեւորութիւնը

Պլինքըն Կալանթին Կը Յայտնէ Իսրայէլի Եւ Լիբանանի Մէջ Ընտանիքներուն Տունդարձը Արտօնող Դիւանագիտական Լուծումի Մը Կարեւորութիւնը

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն իր իսրայէլացի պաշտօնակից Եոաւ Կալանթի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին յայտնեց. «Մագլցումը ի շահ ոչ ոքի է»: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդեց. «Պլինքըն Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարին հետ քննարկեց Միջին Արեւելքի մէջ լարուածութիւնը հանդարտեցնելու ջանքերը, վերստին հաստատեց Իսրայէլի անվտանգութեան նկատմամբ Ուաշինկթընի հաստատ յանձնառութիւնը եւ բացատրեց, թէ մագլցումը ի շահ ոչ ոքի է»: Պլինքըն...

Պէյրութ. «Ամէն Անգամ, Որ Զինադադարի Հաստատման Ջանքերը Կ՛աշխուժանան, Պաղեստինցիներու Դէմ Ոճիրներ Գործելը Կը Փաստէ Պատերազմը Երկարաձգելու Իսրայէլի Մտադրութիւնը»

Պէյրութ. «Ամէն Անգամ, Որ Զինադադարի Հաստատման Ջանքերը Կ՛աշխուժանան, Պաղեստինցիներու Դէմ Ոճիրներ Գործելը Կը Փաստէ Պատերազմը Երկարաձգելու Իսրայէլի Մտադրութիւնը»

Լիբանանի արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարութիւնը բուռն կերպով դատապարտեց իսրայէլեան ուժերու կողմէ Կազա քաղաքի արեւելեան շրջանին մէջ պաղեստինցի տեղահանուածներ պատսպարող Թապիին դպրոցին վրայ յարձակումը, որ երեք հրթիռներով ուղղակի կերպով թիրախաւորեց դպրոցին մէջ նամազ կատարելու վայրը եւ հարիւրաւոր քաղաքային զոհեր ու տասնեակներով վիրաւորներ պատճառեց: «Իսրայէլեան բռնագրաւումի բանակի ծրագրուած անկանոն ռմբակոծումն ու անզէն քաղաքայիններու շարքին այսքան հսկայական թիւերով զոհեր պատճառելը...

Սալամ. «Լիբանանի Մէջ Տնտեսութեան Կացութիւնը Արտակարգ Դրութեան Յայտարարում Կը Պահանջէ»

Սալամ. «Լիբանանի Մէջ Տնտեսութեան Կացութիւնը Արտակարգ Դրութեան Յայտարարում Կը Պահանջէ»

Լիբանանի տնտեսութեան նախարարի պաշտօնակատար Ամին Սալամ «Սփութնիք»-ի հետ զրոյցի ընթացքին զգուշացուց «Լիբանանի մէջ տնտեսական կացութեան նրբութենէն ու վտանգաւորութենէն»` շեշտելով. «Անիկա երկրին մէջ արտակարգ դրութեան յայտարարում կը պահանջէ»: «Հարաւային Լիբանանի մէջ պատերազմը որքան երկարի եւ անոր ծիրը ընդլայնի, այնքան տնտեսութիւնը անորոշութեան կը մատնուի, որովհետեւ Լիբանանի մէջ տնտեսական կացութիւնը ամբողջովին ուժասպառ է, մանաւանդ ինչ կը վերաբերի հանրային մարզին եւ պետական հաստատութիւններուն», ըսաւ...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

- ԱԼԷՅԻ մէջ կուսակցութիւնները Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան կեդրոնին մէջ գումարեցին ժողով մը, որ ծիրին մէջ էր համակարգումի նպատակով տեղի ունեցած  ժողովներու շարքին, զորս կուսակցութիւնները կը գումարեն Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար Թալալ Արսլանի ցուցմունքով: Ժողովականները հաստատեցին, որ բոլորը պատրաստ են տեղահանուածները Լեռնալիբանանի շրջաններուն մէջ ընդունելու: Անոնք համաձայնեցան համակարգումն ու հաղորդակցութիւնը շարունակել ստեղծելով սեղմ յանձնախում մը, որ աշխատանք պիտի տանի խնդիրներու լուծման:...

Page 188 of 986 1 … 187 188 189 … 986

Արխիւներ