Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Քանատայի արտաքին գործոց նախարար Մելանի Ժոլիի հետ:
Քանատական կողմին նախաձեռնութեամբ կատարուած հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Լիբանանի կացութեան եւ շրջանային զարգացումներուն:
Շեշտը դրուեցաւ մագլցումը դադրեցնելու, խաղաղ ճամբով լուծումներ որդեգրելու ու միջազգայն որոշումներու, նախ եւ առաջ թիւ 1701 որոշումը գործադրելու անհրաժեշտութեան վրայ:
Վարչապետի պաշտօնակատարը նաեւ վարչապետարանին մէջ շարք մը հանդիպումներ ունեցաւ:
Ան հանդիպում ունեցաւ Լիբանանի մէջ Սլովաքիոյ դեսպան Մարիք Վարկայի հետ, որ կ՛աւարտէ իր պաշտօնավարութիւնը:
Միքաթի նաեւ հանդիպում ունեցաւ Զուիցերիոյ մէջ Լիբանանի դեսպան Ռուլա Նուրէտտինի հետ:
Վարչապետի պաշտօնակատարը վարչապետարանին մէջ ընդունեց Պէյրութի նահանգապետ Մարուան Ապպուտը, Պէյրութի քաղաքապետ Ապտալլա Տարուիշը եւ Պէյրութեան ընտանիքներու միութիւններու համադաշնակցութեան պետ Մոհամետ Ամին Իթանին: Անդրադարձ կատարուեցաւ մայրաքաղաքի կենցաղային ու բարգաւաճման կարիքներուն, ինչպէս նաեւ քննարկուեցաւ Պէյրութեան ընտանիքներու միութեան համադաշնակցութեան համար կեդրոնատեղի մը ստեղծելու շուրջ գործակցութեան հարցը:


