Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 12, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

– ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթը կը գրէ. «Իսրայէլեան բանակին հետաքրքրութեան ու ներուժին մեծամասնութիւնը այժմ ուղղուած է դէպի Լիբանան»` աւելցնելով. «Իսրայէլեան բանակին մէջ Կազան 7 հոկտեմբերէն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով կը նշուի իբրեւ կռիւի երկրորդական բեմ»:

– «ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լիզա Ճոնսըն սկսած է անկախ քաղաքական ուժերու եւ երեսփոխաններու հետ շարք մը հանդիպումներ, որոնց ընթացքին, ըստ վերջիններուս աղբիւրներուն, կոչ ուղղած է` «պատրաստուելու յետհըզպալլա փուլին, որովհետեւ այլեւս ո՛չ պետութեան ու անոր հաստատութիւններուն, ո՛չ ալ սահմանային անցակէտերուն վրայ անոր տիրութեան շարունակութիւնը արտօնելի չէ»:

Դեսպանը նշած է. «Հըզպալլան իրեն հասած հարուածներէն ետք շատ տկարացած է, անոր ղեկավարները թիրախաւորուեցան, եւ ընդհանուր քարտուղարը սպաննուեցաւ, ուստի անկարող է իր ուզածը պարտադրել, եւ մօտ օրէն պիտի սկսի քաղաքական նոր փուլ, ուր կուսակցութիւնը տեղ պիտի չունենայ»:

– «ԱԽՊԱՐ» օրաթերթի տեղեկութեան համաձայն, Միացեալ Նահանգներ եւ կարգ մը արեւմտեան պետութիւններ ձեռնարկած են դիւանագիտական աշխատանքի, որուն նպատակը ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին ներկայացնելն է թիւ 1701 որոշումը բարեփոխելու առաջարկ մը, որ կը ներառէ ՖԻՆԻՒԼ-ի պարտականութիւններու բարեփոխումներ, եւ հարաւային Լիբանանի մէջ իսրայէլեան շահերուն ծառայող ապահովական դասաւորումներու յատուկ կէտեր կ՛աւելցնէ:

Դիւանագիտական աղբիւրներ օրաթերթին յայտնած են. «Ուաշինկթըն կը վարուի այն հիմամբ, որ թիւ 1701 որոշումը մեր ետին մնաց, եւ ճնշում կը բանեցնէ զայն բարեփոխելու կամ ներկայացնելու նոր նախագիծ մը, որ կը խօսի Լիբանանի, բռնագրաւեալ Պաղեստինի, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ հետ ցամաքային սահմաններուն երկայնքին բազմազգեան ուժերու տեղակայման մասին»:

Աղբիւրները կը նշեն, որ Իսրայէլի կողմէ ՖԻՆԻՒԼ-ի թիրախաւորումը «մաս կը կազմէ Լիբանանի համար պատրաստուող ծրագիրին, որ պիտի հրապարակուի (ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան) 7-րդ կէտին հիմամբ»:

– ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ Ներում իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը նշեց. «Իսրայէլեան բանակին Հարաւային արուարձաններու բնակչութեան իրենց գտնուած վայրերը դատարկելու զգուշացումները բաւարար չեն եւ երբեմն ապակողմնորոշող են»` աւելցնելով. «Զգուշացումները Իսրայէլը չեն ձերբազատեր քաղաքայինները չթիրախաւորելու վերաբերեալ միջազգային մարդասիրական օրէնքի հիմամբ իր պարտաւորութիւններէն»:

«Միջազգային ներում»-ը նաեւ նշեց. «Հարաւային Լիբանանի քաղաքներու եւ գիւղերու բնակիչներուն իրենց բնակավայրերը դատարկելու ցուցմունքներ տալը հարցականներ կը ստեղծէ, թէ անոր նպատակը հաւաքական տեղահանութի՞ւնն է»:

– ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Ռիատ» օրաթերթը կը գրէ, որ զինուորական ծրագիրներու գործադրման վրայ աւելի կեդրոնացած իսրայէլեան ներկայ ուղղուածութեան լոյսին տակ, դիւանագիտական լուծման հասնելու պատուհանը աւելի նեղ դարձած է:

– «ԱՆՊԱ» օրաթերթը կը հաղորդէ. «Պքերքէն յառաջիկայ չորեքշաբթի օր պիտի հիւրընկալէ իսլամական-քրիստոնէական հոգեւոր վեհաժողով մը` քննարկելու համար Լիբանանի եւ Կազայի վրայ իսրայէլեան յարձակումին հետեւանքները, նախագահի ընտրութեան գործընթացը եւ ազգային այլ հարցեր»:

– «ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակը յայտարարեց, որ իսրայէլեան ուժերու Հարաւային Լիբանանի Քաֆրա շրջանին մէջ բանակի կեդրոններէն մէկուն թիրախաւորման հետեւանքով 2 զինուորներ նահատակուած են եւ 3 ուրիշներ վիրաւորուած:

 

Նախորդը

Ալիեւ` Փոտեսթային. «Պաքուն Կ՛աջակցի Խաղաղութեան Օրակարգին»

Յաջորդը

ՄԱԿ. «Լիբանանի Մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի Ուժերուն Անվտանգութիւնը Հետզհետէ Աւելի Կը Վտանգուի, Եւ Անոր Գործողութիւնները 23 Սեպտեմբերէն Ի Վեր Իրողապէս Դադրեցան»

RelatedPosts

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

February 2, 2026
14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»
Լիբանանեան

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

February 2, 2026
Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ
Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.