ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, ընկերակցութեամբ Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամ Յակոբ Թերզեանի, այցելեց ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուիի, որուն հետ քննարկեց իսրայէլեան յարձակումներուն պատճառած վնասները, Լիբանանի տարբեր շրջաններէն գաղթական դարձած քաղաքացիներու իրավիճակը, կառավարութեան եւ ներքին գործոց նախարարութեան ճիգերը:
Բագրատունի ներքին գործոց նախարարին փոխանցեց հայաբնակ շրջաններուն մէջ գաղթականներու կացութեան պատկերը, հայկական կառոյցներուն տարած աշխատանքները, ինչպէս նաեւ պետութենէն ակնկալիքները:


