Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 11, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

–  ՖԻՆԻՒԼ հաղորդեց, որ իսրայէլեան բանակի «Միրքաւա» տիպի հրասայլ մը երէկ առաւօտեան կրակ բանալով ուղղակի կերպով հարուածած է Նաքուրայի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի կեդրոնատեղիին մէջ գտնուող հսկողութեան աշտարակ մը, այդ պատճառով ալ խաղաղապահ ուժերու անդամ երկու զինուորներ վիրաւորուած են:

Իսրայէլեան բանակը նաեւ կրակ բացած է Ռաս Նաքուրա շրջանին մէջ ՄԱԿ-ի թիւ 31-1 դիրքին վրայ եւ վնաս հասցուցած մեքենաներուն ու հաղորդակցութեան համակարգին:

ՖԻՆԻՒԼ նշեց, որ իսրայէլացի զինուորներ մէկ օր առաջ ալ դիտաւորեալ կերպով կրակ բացած էին Ռաս Նաքուրայի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի թիւ 32Էյ-1 հսկողութեան կէտին վրայ եւ նիւթական վնասներ պատճառած:

– «ՍԻ. ԷՆ. ԷՆ.»` վկայակոչելով ՄԱԿ-ի մարդասիրական հարցերու համակարգման գրասենեակը, հաղորդեց, որ լիբանանեան հողերու քառորդին բնակիչները զայն լքելու իսրայէլեան հրամաններ ստացած են:

– ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Ամին Սալամ «Էմ.Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց. «Մեր սննդեղէնի եւ սպառողական նիւթերուն մեծամասնութիւնը երկիր մուտք կը գործեն նաւահանգիստներուն ճամբով, եւ սննդեղէնի պահեստը 3-էն 5 ամսուան համար բաւարար է»:

«Մենք վերաշինութեան եւ տագնապը վերահսկողութեան տակ առնելու համար միլիառաւոր տոլարներու կարիք ունինք: Սեփական մարզը ոչ նախանձելի վիճակի մէջ է եւ քայքայումէն կը տառապի ու փակման վտանգը կը դիմագրաւէ», աւելցուց ան:

– ՅՈՐԴԱՆԱՆԻ Ապտալլա Բ. թագաւորը Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Տէյվիտ Լամիի հետ իր հանդիպումին ընթացքին յայտնեց. «Շրջանին մէջ համապարփակ հանդարտեցման հասնելու առաջին քայլը Կազայի եւ Լիբանանի մէջ իսրայէլեան պատերազմը դադրեցնելն է»:

– ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ բանակի ձայնասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Պէյրութի մէջ լրտեսութեան կասկածանքով ձերբակալուած իսրայէլացի-ամերիկացի մը Միացեալ Նահանգներու միջամտութենէն ետք ազատ արձակուած ու Ուաշինկթըն փոխադրուած է: Անոր մօտ ամերիկեան, բրիտանական եւ իսրայէլեան անցագիրներ եղած են:

«Ետիոթ Ահրոնոթ» հաղորդեց, որ ազատ արձակուած անձը 42 տարեկան Հոշեհ Թարթքովսքին է, որ երեքշաբթի օր ձերբակալուած է Պէյրութի Հարաւային արուարձաններուն մէջ:

Լիբանանեան «Ախպար» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ անիկա ձերբակալուած է այն բանէն ետք, որ Դիմադրութիւնը վերջին օրերուն նշմարած է արեւմուտքցի լրագրողներ, որոնք քանդումը աչքէ անցընելու պատրուակով Հարաւային արուարձաններուն եւ որոշ վայրերու մէջ առօրեայ պտոյտներ կը կատարեն:

– ԼԻԲԱՆԱՆԻ ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուի յայտնեց. «Անցնող երկու շաբաթներուն ընթացքին աւելի քան 311 հազար սուրիացիներ Լիբանանէն Սուրիա մեկնեցան»:

Նախորդը

Զախարովա. «ՔՈՓ29-ի Նիւթին Շուրջ Ազրպէյճանի Վրայ Ճնշում Գործադրելու Արեւմտեան Ուժերու Փորձերը Անօգուտ Են Եւ Աննախադէպ»

Յաջորդը

Ուաշինկթըն. «Լիբանանի Մէջ Կացութիւնը Պէտք Չէ Կազայի Կացութեան Նման Ըլլայ, Եւ Ատիկա Ընդունելի Պիտի Չըլլայ»

RelatedPosts

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

February 2, 2026
14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»
Լիբանանեան

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

February 2, 2026
Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ
Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.