Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միքաթի. «Որոշեցինք Ապահովութեան Խորհուրդէն Պահանջել Լիբանանի Մէջ Շտապ Զինադադարի Հաստատման Որոշում Որդեգրել»

October 12, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ գումարուած ընթացիկ աշխատանքներու կառավարութեան նիստէն ետք յայտարարեց. «Որոշեցինք Ապահովութեան խորհուրդէն պահանջել Լիբանանի մէջ շտապ զինադադարի հաստատման որոշում որդեգրել»:

«Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընէն հեռաձայն ստացայ, Լիբանանին ամբողջական զօրակցութիւն նկատեցինք, եւ զինադադարի հաստատման մեծ ջանք գոյութիւն ունի»,  ըսաւ ան:

«Կառչած ենք մեր իրաւունքին ու հողին, եւ բազմիցս միջազգային հարթակներու վրայ հաստատեցինք Լիբանանի թիւ 1701 որոշումին կառչածութիւնը: Լիբանանեան կառավարութեան թիւ 1701 որոշումի գործադրութեան կառչածութիւնը կը շեշտենք, մանաւանդ ինչ կը վերաբերի հարաւային Լիբանանի մէջ բանակի տեղակայման եւ լիբանանեան սահմաններուն վրայ անոր ներկայութեան ամրապնդման, ինչ որ կ՛երաշխաւորէ այս որոշումի գործադրութիւնը», նշեց Միքաթի:

Վարչապետի պաշտօնակատարը բոլոր պատասխանատուներուն եւ ազգային ուժերուն կոչ ուղղեց. «Միասնաբար տէր կանգնինք տոկունութեան, փրկութեան, եւ մեր հասարակութեան ու երկրին պաշտպանութեան պատասխանատուութեան»:

Ան դատապարտեց Իսրայէլի կողմէ ՖԻՆԻՒԼ-ի վրայ կատարուած յարձակումը եւ նշեց. «Վաղուընէ սկսեալ Սէուտական Արաբիոյ եւ Լիբանանի միջեւ օդային կամուրջ պիտի հաստատուի` օժանդակութիւններու փոխադրման համար»:

«Լիբանանին որեւէ դրամական օժանդակութիւն չհասաւ, եւ օժանդակութիւններու ստացման ու ցրւումի վերաբերեալ ամբողջական թափանցիկութիւն պիտի ըլլայ», ըսաւ ան:

«Սեղանի վրայ դրուած եւ թիւ 1701 որոշումի գործադրման առնչուած դիւանագիտական լուծումը տակաւին ի զօրու է, եւ Հըզպալլան անոր համաձայն գտնուեցաւ», յայտարարեց Միքաթի:

«Անմիջական զինադադարի հաստատումը կարեւոր հարց է, եւ մեր առաջնահերթութիւնը մեր երկրին ապահովութիւնն ու անվտանգութիւնն է», յայտնեց վարչապետի պաշտօնակատարը:

Միքաթի նաեւ նշեց. «Հըզպալլան կառավարութեան մաս կը կազմէ եւ համաձայն է անոր որոշումներուն»:

 

Նախորդը

Պըրրի. «Միակ Որոշումը Թիւ 1701-ն Է, Իսկ Թիւ 1559 Որոշումը Մեր Ետին Մնաց»

Յաջորդը

Պլինքըն. «Աշխատանք Կը Տանինք Լիբանանի Մէջ Դիւանագիտական Լուծում Մը Գտնելու»

RelatedPosts

Վարչապետ Սալամ Նապաթիէ Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Վարչապետ Սալամ Նապաթիէ Այցելեց

October 3, 2026
Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն` Նախագահներ  Խաչատուրեանի Եւ Աունի Միջեւ
Լիբանանեան

Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն` Նախագահներ Խաչատուրեանի Եւ Աունի Միջեւ

October 3, 2026
«Երկրին Դիմագրաւած Բոլոր Սպառնալիքներուն Դէմ  Անհրաժեշտ Բոլոր Քայլերը Պիտի Որդեգրուին»  Կ՛ըսէ Թուրքիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը
Լիբանանեան

Թուրքիոյ Հաղորդակցութիւններու Բաժանմունքի Նախագահութիւնը Կը Հերքէ Սուրիա-Հըզպալլա Ժողովի Լուրը

October 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.