Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի, անդրադառնալով ՄԱԿ-ի թիւ 1559 որոշումի գործադրման վերաբերեալ ներքին հռետորաբանութիւններու աճին, յայտնեց, որ միակ որոշումը թիւ 1701-ն է, իսկ թիւ 1559 որոշումը մեր ետին մնաց` «թող յիշուի, բայց չկրկնուի»:
Պըրրի «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի հետ գիշեր ցերեկ կ՛աշխատինք զինադադարի հասնելու համար: Հիմա ալիքը բարձր է եւ ետքը կը ցածնայ, եւ փորձանքը մեծ կը ծնի, ապա կը պզտիկնայ»:
«Ամերիկացիները մեզի հետ կապ կը պահեն եւ կ՛ըսեն, որ լուծումին հետ են, սակայն խօսքերը շատ են, իսկ գործը քիչ», նշեց ան:
Անդրադառնալով Իսրայէլի դէմ Դիմադրութեան գործողութիւններու մագլցման` խորհրդարանի նախագահը ըսաւ, որ ճակատամարտները ուղղակի կերպով կ՛ազդեն միջազգային ընտանիքը դէպի լուծում մղելուն վրայ:
Մեկնաբանելով Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի` Մեհրապի մէջ ազգային երկխօսութեան հրաւէրին, Պըրրի նշեց. «Մեհրապէն առաջ խորհրդարանին մէջ երկխօսութիւն թող կատարուի»:


