Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ըստ «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»-ի. Հոքշթայն Արաբ Պաշտօնատարներուն. «Հըզպալլան Տկարացնելը Լիբանանի Մէջ Քաղաքական Անելին Վերջ Տալու Առիթ Է»

October 11, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ամերիկացի եւ արաբ լաւատեղեակ պաշտօնատարներ «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»-ին յայտնած են, թէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմը աշխատանք կը տանի Իսրայէլի` Հըզպալլայի վրայ յարձակումը իբրեւ առիթ օգտագործելու Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան ճամբով Հըզպալլայի «տիրապետութեան» վերջ տալու:

Սպիտակ տան մէջ բարձաստիճան պաշտօնատարներէն Էյմըս Հոքշթայն արաբ պաշտօնատարներու ըսած է, որ իսրայէլեան յարձակումներուն պատճառով Հըզպալլայի տկարացումը պէտք է առիթ նկատուի Լիբանանի մէջ քաղաքական անելին վերջ տալու:

Քննարկումներուն ծանօթ դիւանագէտներու համաձայն, ամերիկեան նախաձեռնութիւնը հիմնուած է լիբանանցի գլխաւոր ղեկավարներու վրայ, ներառեալ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթին եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին, որ զինադադարի հաստատման բանակցութիւններուն մէջ Հըզպալլայի հետ հաղորդակցութեան գլխաւոր խողովակը կը նկատուի:

Ամերիկեան օրաթերթը կը նշէ, թէ Լիբանանի եւ շրջանին մէջ կարգ մը քաղաքական պաշտօնատարներ մտավախութիւն յայտնած են, որ հիմա նախագահ ընտրելը երկիրը վերջին տասնամեակներուն պառակտած միջհամայնքային բախումներու մէկ տեսակին պիտի յանգեցնէ:

Եգիպտացի եւ քաթարցի պաշտօնատարներ ամերիկացի պաշտօնատարներու յայտնած են, թէ ամերիկեան այս ծրագիրը ոչ միայն ոչ իրատեսական կը նկատեն, այլ նաեւ վտանգաւոր: Անոնք այն կարծիքը յայտնած են, թէ Իսրայէլ երբեք պիտի չյաջողի Հըզպալլան ամբողջովին ոչնչացնելու` նշելով, որ կուսակցութիւնը պէտք է տագնապի քաղաքական որեւէ լուծման մաս կազմէ:

Քաղաքական վերլուծաբաններու եւ դիւանագէտներու կարծիքով, որեւէ հաւանական նախագահ «պիտի նկատուի իսրայէլեան յարձակումներուն հետեւանքով իշխանութեան տիրացած, եւ կրնայ մրցակից քաղաքական կարգ մը ուժերէն ժխտական հակազդեցութիւններ դիմագրաւել»:

Սուրիոյ եւ Ալճերիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու նախկին դեսպան Ռապըրթ Ֆորտ «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»-ին ըսած է. «Որքան թուի, որ Լիբանանի նոր նախագահը ամերիկեան աջակցութեամբ իսրայէլեան զինուորական գործողութիւններու լոյսին տակ իր պաշտօնը կը ստանձնէ, իմ կարծիքովս` այնքան իր հաւաստիութիւնը կը կորսնցնէ շարք մը լիբանանցիներու մօտ»:

 

 

Նախորդը

Էրտան. «Եթէ Հըզպալլան Զինադադար Կ՛ուզէ Պէտք Է Դադրի Հրթիռներ Արձակելէ Եւ Լիթանիէն Հիւսիս Շարժի»

Յաջորդը

Փլասխարթ. «Ժամանակն Է Լիբանանի Մէջ Զինադադար Հաստատելու Եւ Բանակցութեան Սեղան Վերադառնալու»

RelatedPosts

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

February 2, 2026
14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»
Լիբանանեան

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

February 2, 2026
Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ
Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.