Միքաթի. «Դիւանագիտական Ջանքերը Կը Շարունակուին, Սակայն Իսրայէլեան Անզիջում Կեցուածքը Կը Խոչընդոտէ Անոնց Յաջողութիւնը»
Լիբանանի վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի վերահաստատեց, որ Լիբանանի վրայ իսրայէլեան յարձակումը դադրեցնելու համար արաբական ու միջազգային ջանքերը կը շարունակուին, սակայն իսրայէլեան անզիջում կեցուածքն ու ենթադրեալ շահեր ու յաղթանակներ ապահովելու Իսրայէլի ճիգը այդ ջանքերուն յաջողութիւնը կը խոչընդոտէ: Միքաթի իր այցելուներուն յայտնեց. «Ոմանք կրնան կարծել, թէ դիւանագիտական ջանքերը դադրեցան, եւ տողատակի համաձայնութիւն կայ, որ Իսրայէլ իր յարձակումը շարունակէ, սակայն այս տպաւորութիւնը ճիշդ...




















