Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միքաթի. «Դարձեալ Զինադադարի Հաստատման Փորձ Կատարելու Համար Ապահովութեան Խորհուրդի Նիստի Նախօրեակին Դիւանագիտական Հաղորդակցութիւնները Աշխուժացան»

Հոկտեմբեր 11, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի յայտնեց. «Դարձեալ Զինադադարի հաստատման փորձ կատարելու, ուստի նաեւ Լիբանանի վրայ իսրայէլեան յարձակումը դադրեցնելու յաւելեալ ճնշում բանեցնելու համար ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի նիստի նախօրեակին դիւանագիտական հաղորդակցութիւնները անցնող ժամերուն ընթացքին աշխուժացան»:

«Հաղորդակցութիւններ տեղի կ՛ունենան Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի միջեւ, որ Ապահովութեան խորհուրդի նիստ պահանջեց` վերակենդանացնելու համար յայտարարութիւնը որոշ ժամանակով զինադադար հաստատելու, որպէսզի քաղաքական լուծումներու քննարկումներու շարունակման հասնինք», իր այցելուներուն ըսաւ Միքաթի:

«Դիւանագիտական հաղորդակցութիւններու ընթացքին անգամ մը եւս յայտնեցինք մեր պատրաստակամութիւնը գործադրելու թիւ 1701 որոշումը, պայմանով, որ Իսրայէլ յանձնառու ըլլայ անոր բոլոր կէտերուն: Ինչպէս նաեւ շեշտեցինք առաջնահերթութիւնը դադրեցնելու իսրայէլեան յարձակումը, որ բազմաթիւ զոհերու ու վիրաւորներու պատճառ դարձաւ եւ չի խնայեր քաղաքայինները, շտապ օգնութեան աշխատակիցներն ու փրկարարները, ինչ որ կը հակասէ բոլոր միջազգային կանոնադրութիւններուն եւ օրէնքներուն», նշեց ան:

«Բռնութիւնը, սպանութիւնն ու քանդումը լուծումի պիտի չյանգեցնեն, եւ պէտք է Իսրայէլին ստիպել, որ իր քանդիչ յարձակումը դադրեցնէ, որովհետեւ ունինք այն մտավախութիւնը, որ եթէ հարցերը զարգանան, բախումի ծիրը ընդլայնելով ամբողջ շրջանը կրնայ ներառել», ըսաւ Միքաթի:

«Նաշրա». «Կը Քննարկուի Անմիջապէս Զինադադար Հաստատելու
ՄԱԿ–ի Որոշում Մը, Եւ Ցուցանիշերը Դրական Են»

Արեւմտեան դիւանագիտական աղբիւրներ «Նաշրա»-ին յայտնած են, թէ անցնող ժամերուն Իսրայէլի եւ Լիբանանի միջեւ զինադադար հաստատելու ջանքերը յառաջընթաց արձանագրած են, եւ միջազգային, մասնաւորաբար ամերիկեան, արաբական եւ եւրոպական ջանքեր կը թափուին ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին կողմէ անմիջապէս զինադադար պահանջող որոշումի մը որդեգրման համար:

Աղբիւրները նշած են, որ ամերիկացիք Լիբանանի մէջ դիւանագիտական աստիճանական լուծումներ արտօնող որոշումի հասնելու նկատմամբ լրջօրէն տրամադրուած են, թէեւ Թել Աւիւ նախապէս կը մերժէր ընդառաջել:

Ուաշինկթըն համոզուած է, որ հարաւային Լիբանանի մէջ սահմանային գօտի մը գրաւելու` ատկէ մեկնելով առաջարկին շուրջ բանակցելու համար, իսկ միւս կողմէ Իսրայէլի կրած վնասներուն աճը եւ Իսրայէլի մէջ ներքին տեղահանութեան տարածքի ընդլայնումը Թել Աւիւը կը մղեն դիւանագիտական աստիճանական լուծումներ ընդունելու:

 

 

Նախորդը

Փլասխարթ. «Ժամանակն Է Լիբանանի Մէջ Զինադադար Հաստատելու Եւ Բանակցութեան Սեղան Վերադառնալու»

Յաջորդը

Իսրայէլ 3-րդ Անգամ Ըլլալով Յարձակում Գործեց Մայրաքաղաք Պէյրութի Վրայ

RelatedPosts

Ձմեռնային Ժամանակացոյց
Լիբանանեան

Ձմեռնային Ժամանակացոյց

Հոկտեմբեր 25, 2025
Նախագահ Աունի Հետ Հանդիպումին.  Հաժժար. «Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Պատրաստ Է  Անկողմնակալ Եւ Թափանցիկ Երեսփոխանական Ընտրութիւններու
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աունի Հետ Հանդիպումին. Հաժժար. «Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Պատրաստ Է Անկողմնակալ Եւ Թափանցիկ Երեսփոխանական Ընտրութիւններու

Հոկտեմբեր 25, 2025
Թրամփ Կը Բացայայտէ Իր Ուղղակի Դերակատարութիւնը Հըզպալլայի Դէմ Իսրայէլի Յարձակումներուն Մէջ
Լիբանանեան

Թրամփ Կը Բացայայտէ Իր Ուղղակի Դերակատարութիւնը Հըզպալլայի Դէմ Իսրայէլի Յարձակումներուն Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?