– ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին ղեկավար Ուալիտ Ժըմպլաթ յայտնեց. «Լիբանանի պատմութեան ճիշդ այս պահուն ՖԻՆԻՒԼ-ի վրայ յարձակումը վատ նշան է»:
– ԵԳԻՊՏՈՍԻ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Եգիպտոսի եւ Քաթարի արտաքին գործոց նախարարները համաձայնած են պահպանելու Լիբանանի միութիւնը, գերիշխանութիւնը, հողերու անվտանգութիւնը պահպանելու եւ Իսրայէլի բոլոր լիբանանեան հողերէն հեռացման շուրջ:
«Անոնք համաձայնեցան, որ բռնագրաւումի բանակը պէտք է երաշխաւորէ ՖԻՆԻՒԼ-ի մէջ ՄԱԿ-ի պաշտօնեաներուն ապահովութիւնն ու անվտանգութիւն», աւելցուց նախարարութիւնը:
– ԻՐԱՆԻ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց. «Լիբանան-Սուրիա սահմանին վրայ իրանեան կարմիր մահիկի դաշտային հիւանդանոցին վրայ իսրայէլեան յարձակումը պատերազմական ոճիր է»:
– ԱՄԵՐԻԿԱՑԻ պատուիրակ Էյմըս Հոքշթայն հեռաձայնեց վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի: Անոնք քննարկեցին զինադադարի գոյացման եւ բախումները դադրեցնելու կարելիութիւնները` վերադառնալու համար ամբողջական քաղաքական լուծումի մը քննարկման, որ հիմնուած է Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումի գործադրման վրայ:
– ՆՈՐՎԵԿԻՈՅ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ իսրայէլեան յարձակումներէն մէկը Լիբանանի մէջ Նորվեկիոյ դեսպանատան մօտ տեղի ունեցած է, ինչ որ նախարարութիւնը մղած է իր դիւանագէտները ժամանակաւորապէս Լիբանանէն դուրս տեղափոխելու, սակայն Նորվեկիոյ դեսպան Հիլտէ Հարալտսթատը ցնոր տնօրինութիւն սակաւաթիւ նորվեկիացի դիւանագէտներու հետ պիտի մնայ Պէյրութ:


