Ֆատլալլա. «Դիմադրութիւնը Թշնամիին Պիտի Չարտօնէ Իր Պայմանները Պարտադրել Մեր Երկրին»
Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հասան Ֆատլալլա խորհրդարանին մէջ իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց. «Իսրայէլեան որեւէ նոր ահաբեկման հակադարձութիւնը մեր երկիրը պաշտպանելու մեր իրաւունքին յաւելեալ կառչածութիւն պիտի ըլլայ»: «Դիմադրութեան հրթիռները պիտի շարունակեն տեղալ, մինչեւ որ բռնագրաւումը իր յարձակումը դադրեցնէ», նշեց Ֆատլալլա: «Մեր ժողովուրդին տոկունութիւնն ու Դիմադրութեան տոկունութիւնը Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի մեծամտութեան վերջ տալու քաղաքական կացութեան ճամբան պիտի հարթեն», ըսաւ...




















