Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իսրայէլեան Օդուժը Դարձեալ Յարձակում Կը Գործէ Սուրի Վրայ

October 29, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսրայէլեան օդուժը երէկ շարք մը բուռն յարձակումներ գործեց հարաւային Լիբանանի Սուր քաղաքին վրայ: Յարձակումներէն մէկը հարուածեց Ռամլ թաղամասը, ուր արձանագրուեցան 7 զոհեր եւ 17 վիրաւորներ: Նախքան այդ, իսրայէլեան բանակը Սուրի կարգ մը թաղամասերու բնակիչները զգուշացուց, որ պէտք է Աուալի գետէն հիւսիս հեռանան:

Իսրայէլ նաեւ ռմբակոծեց հարաւային Լիբանանի մէջ շարք մը գիւղեր, ինչպէս` Պուրղուլիէն, Քլէյլան, Պիութ Սայատը, Ռամատիէն, Շհայթիէն, Զպքինը, Ժիպալ Պաթըմը, Ժապալ Պլաթը:

Իսրայէլեան բանակը նաեւ ռմբակոծեց Նապաթիէի մէջ Արապսալիմ եւ Առնուն գիւղերն ու Ալի Թահեր բլուրը, Քֆարթըպնիթի եւ Նապաթիէ Ֆաուքայի միջեւ գտնուող տարածքը:

Իսրայէլեան օդուժը Պեքայի մէջ հարուածեց Հըլլանիէ գիւղը, ուր արձանագրուեցան 2 զոհեր եւ 7 վիրաւորներ, ինչպէս նաեւ նիւթական մեծ վնասներ:

Լիբանանեան բանակը հաղորդեց, որ իր զինուորներէն մէկը վիրաւորուած է, երբ Իսրայէլ հարուածած է Քալաուէյհ-Քֆարտունին ճամբան բանալու համար աշխատող բանակի քարշակը:

«Ժատիտ» հաղորդեց, որ իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարք մը Լեռնալիբանանի մէջ Արայայի միջազգային մայրուղիին վրայ ինքնաշարժի մը վրայ յարձակում գործած է, սակայն հարուածը վրիպած է:

Մինչ այդ, Լիբանանի պետական լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ «Նեպիհ Պըրրի» կառավարական հիւանդանոցն ու «Նաժտա» ժողովրդային հիւանդանոցը Քֆարժոզի վրայ արձակուած` շարժեր յառաջացնող իսրայէլեան հրթիռներու պատճառով մեծապէս վնասուած են:

Նախորդը

Բանակի Հրամանատարը Ընդունեց Երեսփոխան Բագրատունին

Յաջորդը

Ակնարկ. Մինչեւ 5 Նոյեմբեր Եւ Մինչեւ 11-րդ Կէտ

RelatedPosts

Ակնարկ  «Շուտով»-ը` Նոյեմբերէն Առա՞ջ, Թէ՞ Ետք
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ «Շուտով»-ը` Նոյեմբերէն Առա՞ջ, Թէ՞ Ետք

October 2, 2026
Ազրպէյճանցի Զինուորական Մը Մտած Է  Սիւնիքի Շաքի Գիւղ Եւ Կրակած Տեղացի Կնոջ Մը Ոտքին
Գլխաւոր լուրեր

Ազրպէյճանցի Զինուորական Մը Մտած Է Սիւնիքի Շաքի Գիւղ Եւ Կրակած Տեղացի Կնոջ Մը Ոտքին

October 2, 2026
Հայ Գերիներու Իրաւունքներուն Եւ Ընտանիքներուն  Խնդիրները` ՄԱԿ-ի Մարդու Իրաւունքներու  Խորհուրդի Քննարկման Օրակարգին Վրայ
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Գերիներու Իրաւունքներուն Եւ Ընտանիքներուն Խնդիրները` ՄԱԿ-ի Մարդու Իրաւունքներու Խորհուրդի Քննարկման Օրակարգին Վրայ

October 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.