Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Յարձակումները Կը Շարունակուին. Հըզպալլա Աքքայի Մէջ Ռազմարդիւնաբերական Գործարան Մը Հարուածեց
Հըզպալլա յայտարարեց, որ քամիքազ անօդաչու թռչող սարքերով յարձակում գործած է Աքքայի հարաւ-արեւելքը գտնուող ռազմարդիւնաբերութեան «Եուտիվաթ» ընկերութեան վրայ, ինչպէս նաեւ մեծաթիւ հրթիռներով հրթիռակոծած է Հայֆայի հիւսիսը գտնուող ռազմարդիւնաբերութեան «Զոֆոլոն» ռազմակայանը: Կուսակցութիւնը հրթիռակոծած է Պաուապեթ Ֆաթմէի, Մալիքիէի եւ Քարմայէլի մէջ հաւաքուած իսրայէլեան ուժերը: Հըզպալլա հրթիռակոծեց նաեւ Քարմայէլի մէջ օդուժի պահեստամասեր արտադրող «Պազ» ռազմակայանը: Իսրայէլեան օդուժը իր կարգին յարձակումներ գործեց հարաւային Լիբանանի գիւղերուն...




















