– ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ բանակի հիւսիսային շրջանի հրամանատար Ուրի Կորոտին յայտնեց. «Պէտք է իր աւարտին հասցնենք Հըզպալլայի` հիւսիսի մէջ այլեւս սպառնալիք չըլլալէն վստահ ըլլալու առաքելութիւնը»:
– ԼԻԲԱՆԱՆԻ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ Պարսելոնայի մէջ Միջերկրականի համար միութեան նախարարաց ժողովին առջեւ իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց. «Եթէ պատերազմը անմիջապէս չդադրի, ապա տեղահանութիւնը կրնայ յանգեցնել կացութեան պայթեցման, հասարակական բախումներու եւ մեծ գաղթի»:
«Ձեր աջակցութիւնն ու օգնութիւնը կը խնդրենք իրագործելու անմիջական զինադադար մը եւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումը գործադրելու իր բոլոր կէտերով, երկու կողմերէն զուգահեռաբար, եւ ամրապնդելու մեր պաշտպանական կարողութիւնները», նշեց Պու Հապիպ:
– ԵՐԷԿ Պէյրութի միջազգային օդակայան էջք կատարեց մարդասիրական օժանդակութիւններով բեռցուած եւ իր տեսակին մէջ 7-րդը եղող քաթարեան օդանաւը: Պէյրութի միջազգային օդակայան էջք կատարեց նաեւ էմիրաթական օդանաւ մը: