Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 13-րդ կայանը հաղորդեց, որ Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուին առաջարկած է արդիականացնել նպատակները պատերազմին, որ «առանց կողմնորոշման կը վարուի»:
Կալանթ իր առաջարկին մէջ Կազայի, Լիբանանի, Իրանի եւ Այսրյորդանանի մէջ չորս նպատակներ ճշդած է: Նամակը Նեթանիահուին եւ քաղաքական ու ապահովական հարցերով նախարարական սեղմ խորհուրդի անդամներուն յղուած է շաբաթ արշալոյսին` Իրանի վրայ իսրայէլեան յարձակումէն կարճ ժամանակ առաջ:
Կալանթ նաեւ առաջարկէն մէկական օրինակներ յղած է Իսրայէլեան ընդհանուր ապահովութեան ծառայութեան` Շապաքի ղեկավար Ռոնին Պարին եւ արտաքին հետախուզութեան` Մոսատի տնօրէն Տաւիտ Պարնէային, ինչպէս նաեւ իսրայէլեան բանակի սպայակոյտի պետ Հերցի Հալեւիին:
«Ներկայ կացութիւնը, որուն մէջ առանց յստակ կողմնորոշման եւ առանց պատերազմի նպատակներու արդիականացման կը գործենք, կը վնասէ պատերազմի կառավարման եւ նախարարաց խորհուրդի որոշումներուն: Պատերազմին մէջ կարեւոր զարգացումները, նախ եւ առաջ Իսրայէլի եւ Իրանի միջեւ ուղղակի հարուածներու փոխանակումը, կը բարձրացնեն պատերազմի նպատակներուն շուրջ ճակատներուն համապարփակ նայուածք նետելով եւ զանոնք իրարու կապելով քննարկում կատարելու կարիքը», յայտնած է ան:
Կալանթ առաջարկած է պատերազմի չորս ճակատներու` Կազայի, Լիբանանի, Իրանի եւ Այսրյորդանանի համար չորս նպատակներ. Կազայի մէջ «առանց զինուորական սպառնալիքի նոր իրողութեան հաստատում, արգիլել ահաբեկչութեան կարողականութեան ամրապնդումը, բոլոր առեւանգեալները վերադարձնել եւ ամրապնդել Համասի իշխանութեան այլընտրանք մը»:
Լիբանանի պարագային Կալանթ առաջարկած է, որ նպատակը ըլլայ «ստեղծումը ապահովական կացութեան մը, որ հիւսիսի բնակիչներուն կ՛արտօնէ կարելի եղածին չափ շուտ իրենց տուները վերադառնալ», Իրանի մէջ` «զսպումը եւ Իրանը պատերազմէն դուրս պահելը», իսկ բռնագրաւեալ Այսրյորդանանի մէջ ահաբեկչութեան կանխարգիլման ճամբով բռնարարքներու բռնկումը արգիլել»:
Նեթանիահուի գրասենակը յայտնած է, որ «նախարար Կալանթի նամակը չափազանց շփոթեցնող է»` նշելով. «Միայն մէկ կողմնացոյց կայ, այդ ալ պատերազմին նախարարաց խորհուրդին կողմէ ճշդուած նպատակներն են, որոնք շարունակ վերատեսութեան կ՛ենթարկուին եւ վերջերս ընդլայնուած են»: