Լիբանանի վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի Լոնտոնի մէջ Լիբանանի դեսպանատան մէջ հանդիպում ունեցաւ Բրիտանիոյ պաշտպանութեան նախարար Ճոն Հիլիի հետ:
Միքաթի հանդիպումի ընթացքին շեշտեց. «Առաջնահերթութիւնը անմիջական զինադադարի հաստատումն ու միջազգային կողմերու հետ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումի ամբողջական գործադրման համար դիւանագիտական լուծումի հասնիլն է»:
Ան Բրիտանիոյ շնորհակալութիւն յայտնեց լիբանանեան բանակին եւ անոր փորձառութեան ամրապնդման նպատակով տրամադրուած մնայուն աջակցութեան համար:
Միքաթի շեշտեց հարաւային Լիբանանի մէջ կայունութեան մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի դերակատարութեան կարեւորութիւնը եւ Բրիտանիոյ կոչ ուղղեց` «աջակցելու ՖԻՆԻՒԼ-ի ջանքերուն եւ բանակին հետ անոր գործակցութեան»:
Բրիտանիոյ պաշտպանութեան նախարարը իր կարգին շեշտեց. «Զինադադարի հաստատման դիւանագիտական ջանքերը կը շարունակուին»:
«Մենք Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի, Իտալիոյ եւ Գերմանիոյ հետ կ՛աջակցինք (լիբանանեան) բանակին` զարգացնելով բոլոր ոլորտներուն մէջ զինուորական ճարտարագիտութիւնները», ըսաւ Հիլի: