Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քաթար. «Տոհայի Բանակցութիւններուն Մէջ Շատ Բան Իրագործուեցաւ, Եւ Լիբանանի Ու Կազայի Մէջ Մագլցումը Նուազեցնելու Զուգահեռ Աշխատանքներ Կան»

Հոկտեմբեր 30, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Քաթարի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մոհամետ Անսարի յայտնեց. «Լիբանանի եւ Կազայի մէջ լարուածութեան մեղմացման զուգահեռ աշխատանքներ կան»:

«Քաթար կը փորձէ բոլոր առիթները ներդրել տեւական լուծումի հասնելու եւ պաղեստինցի եղբայրներուն արդարութիւն ապահովելու համար», ըսաւ Անսարի:

«Կարելի չէ (Տոհայի մէջ) բանակցութիւններուն պարունակութիւնը մեկնաբանել, սակայն շատ բան իրագործուեցաւ», նշեց Քաթարի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը:

«Տոհայի, Քաթարի եւ եւրոպական մայրաքաղաքներու մէջ հանդիպումները կը շարունակուին` բանակցութիւններու առաջարկի որոնման համար», ըսաւ ան:

«Եգիպտոսի եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ մեր գործընկերներուն հետ սերտօրէն կ՛աշխատինք բանակցութիւններուն վերաբերեալ միջնորդելու համար», յայտնեց Անսարի:

«Մեր նպատակը Կազայի մէջ տագնապը վերահսկողութեան տակ առնելն է եւ մագլցումը շրջանին մէջ չընդլայնելը», աւելցուց Քաթարի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը:

Ամերիկեան «Աքսիոս» կայքը հաղորդեց, որ «Սի.Այ.Էյ.»-ի տնօրէն Ուիլիըմ Պըրնզ Տոհայի մէջ իր իսրայէլացի եւ քաթարցի պաշտօնակիցներուն հետ քննարկած է Կազայի մէջ զինադադարի հաստատման եւ գերիներու փոխանակման նոր տարազ մը:

«Նոր տարազը կը ներառէ Կազայի մէջ 28 օր տեւողութեամբ զինադադարի հաստատումը», նշեց կայքը` աւելցնելով. «Նոր տարազը կը ներառէ Համասի կողմէ շուրջ 8 գերիներու ազատ արձակում եւ Իսրայէլի կողմէ տասնեակներով պաղեստինցի բանտարկեալներու ազատ արձակում»:

«Իսրայէլ համաձայնած է ժամանակաւոր զինադադարին, սակայն համաս կ՛ուզէ զինադադար մը, որ իսրայէլեան անդառնալի քայլերու կ՛առաջնորդէ», նշեց «Աքսիոս»:

Կայքը աւելցուց, որ «Սի.Այ.Էյ.»-ի տնօրէնն ու Քաթարի վարչապետ Մոհամետ պըն Ապտելռահմանը իրողապէս սկսած են Կազայի մէջ մասնակի զինադադարի գաղափարը զարգացնել:

 

Նախորդը

«Թերեւս Քանի Մը Շաբաթէն Կրնանք Իսրայէլի Հիւսիսի Բնակիչներուն Կոչ Ուղղել` Իրենց Տուները Վերադառնալու» Կ՛ըսէ Իսրայէլի Ուժանիւթի Նախարարը

Յաջորդը

Արաղչի. «Դիմադրութիւնն Ու Հըզպալլան Արմատացած Են Լիբանանցի Ժողովուրդին Մէջ, Եւ Զանոնք Կարելի Չէ Ոչնչացնել»

RelatedPosts

Մինչ Քաց Օրթէյկըսի Հետ Լիբանանի  Սահմանին Վրայ Կը Շրջի.   Նեթանիահու. «Իսրայէլ Կազայի Կամ Լիբանանի Մէջ Թիրախներ Հարուածելու Համար Ոեւէ Մէկուն Արտօնութեան Կարիքը Չունի»
Գլխաւոր լուրեր

Մինչ Քաց Օրթէյկըսի Հետ Լիբանանի Սահմանին Վրայ Կը Շրջի. Նեթանիահու. «Իսրայէլ Կազայի Կամ Լիբանանի Մէջ Թիրախներ Հարուածելու Համար Ոեւէ Մէկուն Արտօնութեան Կարիքը Չունի»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Պըրրի. «Ինծի Լիբանանցիներուն Միջեւ Միասնականութիւն Տուր, Եւ Քեզի Իսրայէլի Դէմ Հաստատ Յաղթանակ Կու Տամ»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Սալամ Վատիկանի Մէջ Հանդիպում Ունեցաւ Լեւոն ԺԴ. Պապի Հետ
Լիբանանեան

Սալամ Վատիկանի Մէջ Հանդիպում Ունեցաւ Լեւոն ԺԴ. Պապի Հետ

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?