Լիբանանի արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ հանդիպում ունեցաւ իր սպանացի պաշտօնակից Խոսէ Ալպարեսի հետ:
Սպանիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հանդիպումէն ետք հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Սպանիան ու Լիբանանը կը շեշտեն կոչը` հաստատելու մնայուն եւ անմիջական զինադադար մը, որ կ՛արտօնէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումի ամբողջական գործադրութիւնը: Ատիկա կը նշանակէ պետութեան իր ամբողջ հողերուն վրայ գերիշխանութեան վերահաստատումը եւ կ՛երաշխաւորէ «Կապոյտ գիծ»-ի երկու կողմերու տեղահանուածներուն տունդարձը»:
«Սպանիոյ եւ Լիբանանի իշխանութիւնները կը դատապարտեն Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ժամանակաւոր ուժերուն ու լիբանանեան բանակին վրայ կատարուած յարձակումները: Մեր կառավարութիւնները նաեւ կը դատապարտեն բժշկական անձնակազմերու եւ առողջապահական կեդրոններու, լրագրողներու եւ քաղաքայիններու վրայ յարձակումները, ինչպէս նաեւ կը պահանջեն ամբողջովին յարգել միջազգային մարդասիրական օրէնքն ու Ժընեւի համաձայնութիւնները:
«Սպանիան ու Լիբանանը յանձնառութիւն կը ստանձնեն միասնաբար աշխատելու երկրի հարաւին մէջ կացութեան կայունացման եւ շրջանին մէջ տեւական խաղաղութեան կառուցման համար: Սպանիոյ կառավարութիւնը կը վերահաստատէ իր պատրաստակամութիւնը` շարունակելու երկրին մէջ մարդասիրական վտանգաւոր տագնապի ծանրութեան մեղմացման իր մասնակցութիւնը եւ ամրապնդելու աջակցութիւնը մարդասիրական գործակցութեան ճամբով, ներառեալ կայունութեան փուլին մէջ աջակցութեան ապահովումը: Սպանիան 2024 թուականին լիբանանցի ժողովուրդին տրամադրեց մարդասիրական օժանդակութիւններ, որոնց արժէքը մինչեւ հիմա 5,5 միլիոն եւրօ է, եւ բնակչութեան խոցելի հատուածներուն աւելի քան 12 թոն դեղորայք ու ծածկոցներ տրամադրեց»:
Սպանական դիւանագիտութեան պետը յայտնեց. «Կը դատապարտենք այն յարձակումները, որոնք Լիբանանի մէջ քաղաքայինները կը թիրախաւորեն, եւ կը պահանջենք զանոնք անմիջապէս դադրեցնել»:
«Աշխատանք կը տանինք Լիբանանի մէջ տեւական զինադադարի հաստատման համար», ըսաւ Ալպարես: