Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Թերեւս Քանի Մը Շաբաթէն Կրնանք Իսրայէլի Հիւսիսի Բնակիչներուն Կոչ Ուղղել` Իրենց Տուները Վերադառնալու» Կ՛ըսէ Իսրայէլի Ուժանիւթի Նախարարը

Հոկտեմբեր 30, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսրայէլի ուժանիւթի նախարար Էլի Քոհեն յայտնեց. «Թերեւս քանի մը շաբաթէն կրնանք Իսրայէլի հիւսիսի բնակիչներուն կոչ ուղղել` իրենց տուները վերադառնալու»:

«Պէտք է Լիբանանի մէջ զինուորական ներկայութիւն պահել սահմանին մօտիկ եղող հիւսիսային գիւղերը պաշտպանելու համար», նշեց Քոհեն:

Մինչ այդ, ամերիկացի պատուիրակ Էյմըս Հոքշթայն երէկ մեկնաբանելով այն լուրերը, թէ երեքշաբթի օր Իսրայէլ պիտի այցելէ, «Էքս» ընկերային ցանցի վրայ գրեց, որ ինք Ուաշինկթըն կը գտնուի:

Լիբանանեան աղբիւր մը իր կարգին «Սքայ Նիուզ Արապիա» պատկերասփիւռի կայանին հերքեց իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթին Լիբանանի մէջ կարգաւորման առաջարկի մասին հաղորդած տեղեկութիւնը` նշելով, որ ամերիկացի պատուիրակ Էյմըս Հոքշթայն Միացեալ Նահանգներու մէջ նախագահական ընտրութենէն առաջ Լիբանան պիտի չվերադառնայ:

Աղբիւրը նշեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին ու Հըզպալլան ներկայիս կը խօսին զինադուլի մը մասին, որ զինադադարի ճամբան կրնայ հարթել:

Լիբանանեան աղբիւրը յայտնեց, որ զինադուլի հաստատման պարագային, ատիկա չի նշանակեր Լիբանանի ճակատը Կազայէն անջատել:

«Ուաշինկթընի համար ներկայիս գլխաւոր թղթածրարը Կազան է եւ ոչ թէ` Լիբանանը», աւելցուց աղբիւրը:

«Ետիոթ Ահրոնոթ», մէջբերելով իսրայէլացի պաշտօնատարներ, հաղորդած էր. «Լիբանանի մէջ պատերազմի դադրեցման բանակցութիւնները յառաջադէմ փուլերու հասան»:

«Իսրայէլացիներու եւ լիբանանցիներու միջեւ պատերազմի դադրեցման շուրջ ընթացող բանակցութիւններ գոյութիւն ունին», ըսած են աղբիւրները:

Իսրայէլեան օրաթերթը հաղորդեց. «Եթէ հաղորդակցութիւնները չտապալին, իսրայէլեան բանակը պիտի սկսի իր ուժերը վերադասաւորման ենթարկել եւ հեռանալ հարաւային Լիբանանի մէջ այն կէտերէն, ուր իր առաքելութիւնը աւարտած է, եւ ուժերուն մեծամասնութիւնը պիտի հեռանայ լիբանանեան հողերէն»:

«Բանակցութիւններուն համար կռիւը պիտի չդադրի, այլ վերջնական համաձայնութեան հասնելէ ետք», նշած են իսրայէլացի պաշտօնատարները:

«Ետիոթ Ահրոնոթ» պնդեց. «Արեւմտեան հետախուզական աղբիւրներու գնահատումով Իրան ոչ միայն Հըզպալլային կ՛արտօնէ Լիբանանի մէջ զինադադար հաստատել, նոյնիսկ առանց Կազայի մէջ զինադադարի հաստատման, այլեւ թերեւս ատոր հասնելու ուղղութեամբ կը մղէ»:

«Իսրայէլի, Լիբանանի, Միացեալ Նահանգներու եւ այլ պետութիւններու միջեւ առաջարկուած համաձայնութիւնը կը պարունակէ երեք տարրեր, առաջինը` ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումը գործադրելն է ընդլայնուած ձեւով, ինչ որ կ՛երաշխաւորէ նաեւ Լիթանի գետէն հարաւ Հըզպալլայի զինեալ ներկայութեան բացակայութիւնը: Նախատեսուած է լիբանանեան բանակը մեծ թիւով` 5000-էն 10000 զինուորներով տեղակայել հիւսիսային սահմանին երկայնքին, ինչպէս նաեւ ՖԻՆԻՒԼ-ի ներկայ ուժը ամրապնդել»:

Երկրորդ տարրը` «ստեղծումն է միջազգային հսկողութեան մեքանիզմի մը, որ կողմերուն կ՛արտօնէ ոտնձգութիւնները անոր փոխանցել, եւ անիկա մեքանիզմ մըն է, որ պատերազմի սկիզբէն ի վեր (Իսրայէլի) ապահովական մարմիններու հիմնական պահանջներէն մէկն էր»:

«Իսրայէլ կը յայտնէ, որ Միացեալ Նահանգներու հետ գոյացած է այն համաձայնութիւնը, որ եթէ յայտնաբերուի Հըզպալլայի կողմէ ոտնձգութիւն մը, ինչպէս` Լիթանի գետէն հարաւ զինուորական ենթակառոյցի կառուցում, եւ լիբանանեան բանակն ու ՖԻՆԻՒԼ-ը կարելի եղածին չափ շուտ անոր նկատմամբ քայլի չդիմեն, Իսրայէլ այդ մէկը պիտի կատարէ», աւելցուց իսրայէլեան օրաթերթը:

Ըստ «Ետիոթ Ահրոնոթ»-ի, համաձայնութեան երրորդ տարրը «պատերազմին վերջ տուող փոխհասկացողութիւններու ծիրին մէջ Հըզպալլայի վերազինումը արգիլելն է»:

«Հարցը կը վերաբերի օդէն, ծովէն եւ ցամաքէն մուտքի արգիլմանը զինուորական միջոցներու, որոնք «արգիլուած» պիտի որակաւորուին», նշեց օրաթերթը:

«Ետիոթ Ահրոնոթ» կը հաղորդէ, որ Ռուսիան պատրաստակամութիւն յայտնած է համաձայնութեան գործադրման օգնելու, եւ կը նախատեսուի, որ ան Լիբանանի եւ Սուրիոյ կայունութեան մէջ դեր ստանձնէ:

Օտար լաւատեղեակ աղբիւր մը իսրայէլեան օրաթերթին այս առումով յայտնած է. «Ռուսերը համաձայնութեան գործադրման եւ յաւելեալ մագլցումի արգիլման մէջ իւրայատուկ կարգավիճակ պիտի ունենան»:

Նախորդը

Փենթակոն. «Օսթին Կալանթին Յայտնեց Ուաշինկթընի Յանձնառութիւնը Լիբանանի Մէջ Դիւանագիտական Դասաւորման Մը, Որ Սահմանի Երկու Կողմերու Քաղաքայիններուն Տունդարձը Պիտի Արտօնէ»

Յաջորդը

Քաթար. «Տոհայի Բանակցութիւններուն Մէջ Շատ Բան Իրագործուեցաւ, Եւ Լիբանանի Ու Կազայի Մէջ Մագլցումը Նուազեցնելու Զուգահեռ Աշխատանքներ Կան»

RelatedPosts

Մինչ Քաց Օրթէյկըսի Հետ Լիբանանի  Սահմանին Վրայ Կը Շրջի.   Նեթանիահու. «Իսրայէլ Կազայի Կամ Լիբանանի Մէջ Թիրախներ Հարուածելու Համար Ոեւէ Մէկուն Արտօնութեան Կարիքը Չունի»
Գլխաւոր լուրեր

Մինչ Քաց Օրթէյկըսի Հետ Լիբանանի Սահմանին Վրայ Կը Շրջի. Նեթանիահու. «Իսրայէլ Կազայի Կամ Լիբանանի Մէջ Թիրախներ Հարուածելու Համար Ոեւէ Մէկուն Արտօնութեան Կարիքը Չունի»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Պըրրի. «Ինծի Լիբանանցիներուն Միջեւ Միասնականութիւն Տուր, Եւ Քեզի Իսրայէլի Դէմ Հաստատ Յաղթանակ Կու Տամ»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Սալամ Վատիկանի Մէջ Հանդիպում Ունեցաւ Լեւոն ԺԴ. Պապի Հետ
Լիբանանեան

Սալամ Վատիկանի Մէջ Հանդիպում Ունեցաւ Լեւոն ԺԴ. Պապի Հետ

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?