Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արաղչի. «Դիմադրութիւնն Ու Հըզպալլան Արմատացած Են Լիբանանցի Ժողովուրդին Մէջ, Եւ Զանոնք Կարելի Չէ Ոչնչացնել»

October 30, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի Իրանի մէջ հաւատարմագրուած օտարերկրեայ դեսպաններու հետ ժողովի մը ընթացքին յայտնեց. «Բոլոր դերակատարներէն կը պահանջուի ջանքեր թափել Լիբանանի ու Պաղեստինի մէջ պատերազմը դադրեցնելու եւ այդ առումով պահանջուած դիւանագիտական լուծումի հասնելու ծիրին մէջ նկատի ունենալու լիբանանցի եւ պաղեստինցի ժողովուրդներու շահերը»:

«Ներկայ զգայուն եւ ճակատագրական պայմաններուն մէջ Իրանի իսլամական հանրապետութիւնը կը շեշտէ բոլորին կողմէ դիւանագիտական ջանքերու մէկտեղման վրայ` դադրեցնելու համար սիոնական գոյացութեան գործած ոճիրներն ու ոտձգութիւնները, ինչպէս նաեւ միջազգային ընտանիքին կոչ կ՛ուղղէ` շտապ ու խիստ քայլեր որդեգրելու` արգիլելու համար Կազայի եւ Լիբանանի մէջ անմեղներու վրայ օդային յարձակումներն ու ջարդերը, լուծելու տեղահանուածներուն վատ պայմանները եւ դիւրացնելու մարդասիրական օժանդակութիւններու այդ շրջաններ հասանելիութիւնը», ըսաւ Արաղչի:

«Մեր կարծիքով` եթէ Կազայի եւ Լիբանանի վրայ յարձակումները չդադրին, շրջանը կայունութիւն եւ հանդարտութիւն պիտի չունենայ», շեշտեց իրանեան դիւանագիտութեան պետը:

«Առաջարկեցինք շրջանային եւ գործնական նախաձեռնութիւն մը տեւական, արդար ու համապարփակ լուծման համար` մեկնելով պաղեստինցի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի սկզբունքէն», ըսաւ Արաղչի:

«Ինչ կը վերաբերի Լիբանանի կացութեան, կը կարծենք, որ կարեւոր է խորապէս կեդրոնանալ այդ երկրին առարկայական եւ աշխարհագրական իրականութիւններուն վրայ», յայտնեց ան:

«Դիմադրութիւնն ու Հըզպալլան արմատացած են լիբանանցի ժողովուրդին մէջ, եւ զանոնք կարելի չէ ոչնչացնել», ըսաւ Իրանի արտաքին գործոց նախարարը:

«Բոլոր դերակատարներէն կը պահանջուի ջանքեր թափել Լիբանանի եւ Պաղեստինի մէջ պատերազմը դադրեցնելու եւ պահանջուած դիւանագիտական արդիւնքի հասնելու ծիրին մէջ նկատի ունենալու լիբանանցի ու պաղեստինցի ժողովուրդներուն շահերը», յայտնեց Արաղչի:

 

Նախորդը

Քաթար. «Տոհայի Բանակցութիւններուն Մէջ Շատ Բան Իրագործուեցաւ, Եւ Լիբանանի Ու Կազայի Մէջ Մագլցումը Նուազեցնելու Զուգահեռ Աշխատանքներ Կան»

Յաջորդը

Շէյխ Նայիմ Քասեմ` Հըզպալլայի Ընդհանուր Քարտուղար

RelatedPosts

Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի.  Սուրիական Կառավարութիւնն Ու Հըզպալլան  Թուրքիոյ Մէջ Գաղտնի Բանակցութիւններ Վարած Են
Լիբանանեան

Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի. Սուրիական Կառավարութիւնն Ու Հըզպալլան Թուրքիոյ Մէջ Գաղտնի Բանակցութիւններ Վարած Են

October 2, 2026
Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու  Յանձնախումբը Ընդունեց Լիբանանի Մէջ Օմրան Ռիզան
Լիբանանեան

Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբը Ընդունեց Լիբանանի Մէջ Օմրան Ռիզան

October 2, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.