Պէյրութի Հարաւային Արուարձաններուն Վրայ Իսրայէլեան 14 Բուռն Յարձակումներ
Իսրայէլեան օդուժը նախանցեալ օրուան կէս գիշերէն ետք մինչեւ երէկ առաւօտեան կանուխ ժամերը Պէյրութի Հարաւային արուարձաններուն վրայ շղթայազերծեց 14 բուռն յարձակումներ, որոնց հետեւանքով տասնեակներով շէնքեր գետնի հաւասար դարձան: Իսրայէլեան օդային յարձակումները թիրախաւորեցին Հարաւային արուարձաններու շրջաններէն Ղպէյրին, Քաֆաաթը, Սէյիտ Հատի մայրուղին, «Մուժթապա» համալիրի մերձակայքը, Պէյրութի օդակայանի հին ճամբան, Թհուիթաթ Ղատիրը, Ռուէյսը, Հարեթ Հրէյքը եւ Մրէյժէն: Իսրայէլ երէկ նաեւ օդային յարձակումներ գործեց հարաւային...




















