Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ, նախագահի հանրապետական թեկնածու Տանըլտ Թրամփ ամերիկահպատակ լիբանանցիներուն կոչ ուղղեց իրեն քուէարկելու:
Ան ամերիկահպատակ լիբանանցիներուն նամակ մը յղելով յայտնեց. «Վարչակազմիս շրջանին Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղութիւն տիրեց եւ շատ շուտով անգամ մը եւս խաղաղութիւն պիտի տիրէ»:
«Պիտի լուծեմ այն խնդիրները, որոնց պատճառ դարձան Քամալա Հարիսն ու Ճօ Պայտընը, եւ վերջ տամ Լիբանանի մէջ տառապանքին ու քանդումին: Կ՛ուզեմ տեսնել Միջին Արեւելք մը, որ իսկական խաղաղութեան, տեւական խաղաղութեան կը վերադառնայ, եւ զայն պիտի իրագործենք ճիշդ ձեւով, որպէսզի ամէն 5 կամ 10 տարին անգամ մը տագնապը չկրկնուի», աւելցուց ան:
Թրամփ իր նամակին մէջ յայտնեց. «Անհամբեր կը սպասեմ Միացեալ Նահանգներ բնակող լիբանանեան գաղութիւն հետ աշխատելու` երաշխաւորելու համար Լիբանանի մեծ ժողովուրդի ապահովութիւնն ու անվտանգութիւնը: Խաղաղութեան համար Թրամփին քուէարկեցէ՛ք»: