30 դեկտեմբերին Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեան` դեսպանատան նոր նշանակուած զինուորական կցորդ գնդապետ Արթուր Դալիբալթեանի եւ առաքելութիւնը աւարտող զինուորական կցորդ գնդապետ Ալեքսան Մուշեղեանի ուղեկցութեամբ, հանդիպում ունեցած է Լիբանանի զինեալ ուժերու հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի հետ: Այս մասին կը հաղորդէ Լիբանանի մէջ Հայաստանի հանրապետութեան դեսպանատունը:
Լիբանանեան բանակի հրամանատարը յաջողութիւն մաղթած է գնդապետ Արթուր Դալիբալթեանին` իր առաքելութեան մէջ, ապա` շնորհակալութիւն յայտնած գնդապետ Ալեքսան Մուշեղեանին հայ-լիբանանեան պաշտպանական համագործակցութեան ամրապնդման գործին մէջ իր ունեցած աւանդին համար եւ զինք պարգեւատրած Լիբանանի զինեալ ուժերու «Գնահատանք»-ի մետալով:
Դեսպան Աթաբէկեանն ու զօր. Աունը քննարկած են երկկողմանի եւ շրջանային հարցեր, անդրադարձ կատարած Միջին Արեւելքի եւ Հարաւային Կովկասի մէջ ընթացիկ զարգացումներուն: