Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իբանանեան Կարճ Լուրեր

January 6, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

– «ՆԱՇՐԱ» կայքին տեղեկութեամբ, սէուտցի պատուիրակ Եազիտ Պըն Ֆարհան, որ իր կարգ մը հանդիպումներուն ընթացքին խօսած է Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահի պէտք ունեցած արժանիքներուն մասին` առանց որ անուններ նշէ, կարգ մը հանդիպումներու ընթացքին նշած է բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի անունը:

Աղբիւրներ «Նաշրա»-ին յայտնած են, որ Աունի անունին շուրջ դրական հակազդեցութիւն չէ արձանագրուած, եւ անոր ընտրութիւնը մերժողները կառչած մնացած են իրենց կարծիքին, ինչ որ կը հաստատէ, որ բանակի հրամանատարի ընտրութեան համար անհրաժեշտ եղող 86 քուէներու ապահովումը մինչեւ հիմա կարելի չէ:

– ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ աղբիւրներ «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին յայտնած են, որ սէուտցի պատուիրակ Եազիտ Հըն Ֆարհան առաջին անգամ ըլլալով խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի եւ Ազգային ազատ հոսանքի ղեկավար Ժըպրան Պասիլի հետ իր հանդիպումի ընթացքին հետաքրքրուած է բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի թեկնածութեան առաջադրումով:

Պըրրի նշած է, որ անոր ընտրութիւնը սահմանադրութեան համաձայն 86 քուէի կը կարօտի, ինչ որ տակաւին չէ ապահովուած:

– ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ համակարգումի եւ կապի միաւորի պատասխանատու Ուաֆիք Սաֆա յայտնեց. «Նախագահի ընտրութեան թղթածրարին մէջ Հըզպալլան անկեղծ է, եւ բանակի հրամանատարին հետ այդ առնչութեամբ քննարկում կատարեցինք, եւ անոր անունին դէմ վեթօ չունինք:

«Վեթօ ունինք հանրապետութեան նախագահի աթոռին Սամիր Ժահժահի թեկնածութեան նկատմամբ, սակայն այլ անուններ դրական կերպով կ՛ընկալենք», ըսաւ ան:

Սաֆա նաեւ նշեց. «Սէյիտ Հասան Նասրալլայի յուղարկաւորութիւնը զինադադարի համաձայնութեան մէջ նշուած 60 օրուան պայմանաժամի աւարտէն ետք պիտի ըլլայ, եւ անոր վայրը Պէյրութի Հարաւային արուարձաններուն մէջ է»:

– ԵԳԻՊՏՈՍԻ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդեց, որ Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Պատր Ապտելաթի եւ Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին քննարկած են հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան խորհրդարանական նիստի թուականին մօտենալուն լոյսին տակ լիբանանեան թատերաբեմի վերջին զարգացումներ:

Ապտելաթի ընդգծած է. «Բոլոր ազդու ազգային կողմերուն հետ աշխուժ ջանք պիտի թափենք բացարձակապէս լիբանանեան ջանքերով, առանց արտաքին միջամտութեան, հասնելու ազգային համաձայնութեան` վերջ տալու համար Լիբանանի մէջ նախագահի աթոռի դատարկութեան»:

– ԹԱՈՒՀԻՏ Արապի կուսակցութեան ղեկավար Ուիամ Ուահապ յայտնեց. «Անոնք, որոնք նախագահի ընտրութիւն կը պահանջէին, կրնան 9 յունուարի նստաշրջանի առաջին նիստին օրինաթիւի ապահովումը խոչընդոտել, եթէ չկարողանան մեծամասնութիւն ապահովել»:

– ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ պետական ձայնասփիւռի կայանը հաղորդեց. «Կը նախատեսուի, որ Իսրայէլ Ուաշինկթընին յայտնէ, որ 60 օրուան պայմանաժամի աւարտէն ետք Լիբանանէն պիտի չհեռանայ»:

– ԻՍՐԱՅԷԼԻ պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քաց երէկ յայտարարեց. «Եթէ Հըզպալլլան Լիթանիէն անդին չնահանջէ, համաձայնութիւն պիտի չըլլայ, եւ աշխատանքի պիտի լծուինք հիւսիսի բնակիչները իրենց տուները վերադարձնելու համար»:

«Լիբանանի մէջ զինադադարի պահպանումով հետաքրքրուած ենք, եւ պիտի շարունակենք զայն առանց զիջումներու գործադրել», նշեց Քաց:

 

 

Նախորդը

«Թուրքիոյ Յարձակումները Պէտք Չէ Առանց Պատիժի Կամ Հաշուետուութեան Մնան» Կ՛ըսէ Սուրիոյ Մէջ Քրտական Ինքնակառավարման Վարչակազմը

Յաջորդը

Շէյխ Խաթիպ. «Իրանէն Եկող Շիի Այցելուներու Հանդէպ Անմարդկային Վերաբերմունքին Նկատմամբ Պիտի Չլռենք»

RelatedPosts

Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ Լիբանանի  Եւ Սուրիոյ Միջեւ Սուրիացի Դատապարտեալներ  Սուրիա Տեղափոխելու Շուրջ Համաձայնութեան
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ Լիբանանի Եւ Սուրիոյ Միջեւ Սուրիացի Դատապարտեալներ Սուրիա Տեղափոխելու Շուրջ Համաձայնութեան

January 31, 2026
Խորհրդարանական Ընտրութիւնները`  3 Եւ 10 Մայիսին
Լիբանանեան

Խորհրդարանական Ընտրութիւնները` 3 Եւ 10 Մայիսին

January 31, 2026
Նախագահ Աուն. «Գերիներու Թղթածրարը  Առօրեայ Հետապնդման Առարկայ Է, Իսկ Գիւղերու  Վերակառուցումը` Գերակայ Խնդիր»
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն. «Գերիներու Թղթածրարը Առօրեայ Հետապնդման Առարկայ Է, Իսկ Գիւղերու Վերակառուցումը` Գերակայ Խնդիր»

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.