Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քասեմ. «Լիբանանի Մէջ Բռնագրաւումը Առանց Դիմադրութեան Չի Կրնար Շարունակուիլ»

January 6, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար շէյխ Նայիմ Քասեմ շաբաթ օր Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի «Քուտս» զօրամասի հրամանատար Քասեմ Սուլէյմանիի եւ եւ Իրաքի աշխարհազօրի ղեկավար Ապու Մահտի Մուհանտեսի ահաբեկման տարելիցի ոգեկոչման առիթով արտանասած խօսքին մէջ նշեց, որ իսրայէլեան բանակը 1982-ին քանի մը օրուան մէջ հասաւ մայրաքաղաք Պէյրութ, սակայն 2024-ին  64 օր փորձ կատարելէ ետք հարիւրաւոր մեթրեր միայն յառաջացաւ` հարց տալով, թէ «ինչո՞ւ չկրցաւ Լիթանի գետին հարաւը հասնիլ, ինչո՞ւ չկրցաւ գետին հասնիլ, ինչո՞ւ չկրցաւ Պէյրութ հասնիլ, որովհետեւ առասպելական տոկունութեամբ Դիմադրութեան մարտիկները տոկացին ու իսրայէլացի թշնամիին դիմաց կանգնեցան, ասիկա զսպում է: Ի՞նչ է զսպումը: Երբ կը կանգնիս բանակի մը դիմաց, որ 72.000 զինուորներէ ու սպաներէ բաղկացած հինգ զօրամասեր կը բերէ սահմանը անցնելով գետ հասնելու կամ գետէն անդին անցնելու համար, ատիկա չի՞ նշանակեր, թէ Դիմադրութիւնը հզօր է, զսպիչ է, ազդեցիկ է եւ կը խափանէ թշնամիին ծրագիրները»:

«Յստակ պիտի ըլլամ, Դիմադրութեան ղեկավարութիւնն է, որ կը ճշդէ ե՛րբ դիմադրել, ինչպէ՛ս դիմադրել, դիմադրութեան ձեւը եւ օգտագործելիք զէնքը», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Դիմադրութիւնը կը ճշդէ իր կանոնները, ուստի չկայ ժամանակացոյց, որ Դիմադրութեան աշխատանքը կը ճշդէ, Դիմադրութեան աշխատանքը ո՛չ համաձայնութեան, ո՛չ ալ 60 օրուան պայմանաժամի աւարտով կը ճշդուի», ըսաւ Քասեմ` աւելցնելով. «Մեր համբերութիւնը կապուած է յարմար պահուն, երբ դէմ կը դնենք զինադադարի խախտումներուն»:

Անդրադառնալով նախագահի ընտրութեան` Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարը յայտնեց. «Նախանձախնդիր ենք նախագահի ընտրութեան` այն հիմամբ, որ պլոքները զայն կ՛ընտրեն համաձայնութեամբ ու համախոհութեամբ, եւ ուրիշը ջնջել ուզողները առիթ չունին: Օտարներուն ուժին վստահողները չեն կրնար այս ընտրութիւնը ապահովել: Մենք կ՛ուզենք 9 յունուարը աւարտել ընտրելով նախագահ մը դրական եւ գործակցական նոր փուլի մը համար, որ կը յանգեցնէ կայունութեան եւ ազգային ու իսլամական միասնութեան եւ բոլոր տեսակի ներքին գործակցութեան ամրապնդման, որպէսզի ոտքի կանգնեցնենք մեր երկիրը եւ կատարենք գործակցութեան ու մեր երկրի վերաշինութեան համար մեզի ինկած պարտաւորութիւնը»:

 

Նախորդը

Շէյխ Խաթիպ. «Իրանէն Եկող Շիի Այցելուներու Հանդէպ Անմարդկային Վերաբերմունքին Նկատմամբ Պիտի Չլռենք»

Յաջորդը

Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդը Մասնակցեցաւ Հրամանատար Շարհի Քրիստոնեայ Համայնքապետներու Հետ Հանդիպումին

RelatedPosts

Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ Լիբանանի  Եւ Սուրիոյ Միջեւ Սուրիացի Դատապարտեալներ  Սուրիա Տեղափոխելու Շուրջ Համաձայնութեան
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ Լիբանանի Եւ Սուրիոյ Միջեւ Սուրիացի Դատապարտեալներ Սուրիա Տեղափոխելու Շուրջ Համաձայնութեան

January 31, 2026
Խորհրդարանական Ընտրութիւնները`  3 Եւ 10 Մայիսին
Լիբանանեան

Խորհրդարանական Ընտրութիւնները` 3 Եւ 10 Մայիսին

January 31, 2026
Նախագահ Աուն. «Գերիներու Թղթածրարը  Առօրեայ Հետապնդման Առարկայ Է, Իսկ Գիւղերու  Վերակառուցումը` Գերակայ Խնդիր»
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն. «Գերիներու Թղթածրարը Առօրեայ Հետապնդման Առարկայ Է, Իսկ Գիւղերու Վերակառուցումը` Գերակայ Խնդիր»

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.