Թուրքիոյ ուժանիւթի նախարար Ալփարսլան Պայրաքթար յայտնած է, որ Թուրքիան պատրաստ է Սուրիոյ եւ Լիբանանին ելեկտրականութիւն մատակարարելու, եւ կառավարական պաշտօնատարներու խումբ մը արդէն Սուրիոյ մէջ աշխատանք կը տանի անոր ուժանիւթի խնդիրները լուծելու: Այս մասին հաղորդեց «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը:
«Թերեւս Սուրիոյ եւ Լիբանանի կարիք ունեցած ելեկտրականութիւնը սկզբնական շրջանին կարելի է բաւարարել Թուրքիայէն արտածում կատարելով, եւ անշուշտ կրնանք պատկերը աւելի յստակ տեսնել հաղորդման ցանցին կացութիւնը տեսնելէ ետք», լրագրողներուն ըսած է Պայրաքթար:


