ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի հանդիպում ունեցաւ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարիի հետ` վերջինիս Եարզէի բնակարանին մէջ:
Հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցաւ հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան հարցը: Անհրաժեշտ նկատուեցաւ սահմանադրութեան յարգումը, 9 յունուարի նիստի գումարումը եւ համախոհական նախագահի ընտրութիւնը:
Քննարկումի նիւթ դարձան նաեւ շրջանային իրադարձութիւնները եւ յատկապէս Սուրիոյ մէջ իշխանափոխութիւնը եւ սուրիացի ժողովուրդի բաղկացուցիչ քաղաքացիներու մասնակցութեամբ նոր Սուրիոյ կայացումը:


