Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շէյխ Խաթիպ. «Իրանէն Եկող Շիի Այցելուներու Հանդէպ Անմարդկային Վերաբերմունքին Նկատմամբ Պիտի Չլռենք»

January 6, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շիիներու իսլամական գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ալի Խաթիպ յայտնեց, որ Լիբանանը չի կրնար պաղեստինեան դատի հետեւանքներէն անմասն մնալ, «եւ ատիկա մեր աչքերով տեսանք` սպանութիւններով, քանդումներով, տեղահանութեամբ ու բռնագրաւումով: Սակայն իբրեւ լիբանանցիներ պէտք է վերատեսութեան ենթարկենք իրարու նկատմամբ մեր քաղաքականութիւնն ու յարաբերութիւնները: Լիբանանցիները կ՛ուզե՞ն միասին ապրիլ: Այո՛, այն, ինչ որ տեղի ունեցաւ տեղահանութեան դիմակայման եւ բոլոր շրջաններուն մէջ լիբանանցիներուն կողմէ տեղահանուածներու հիւրընկալման ընթացքին ցոյց կու տայ, թէ լիբանանցիները կ՛ուզեն միասին ապրիլ եւ կը զգան, թէ մէկ ժողովուրդ են»:

«Մենք բոլոր լիբանանցիներուն նման կարիքը ունինք պետութեան մը, որ բոլորը կը պաշտպանէ: Համայնքը պետութիւնն ու երկիրը չի պաշտպաներ, իսկ պետութիւնը կը պաշտպանէ համայնքներն ու երկիրը: Կ՛ուզենք պետութիւն մը, որ մեր զաւակները կը պաշտպանէ: Մեր զաւակները ուրիշներու զաւակներէն անարժէք չեն: Կ՛ուզենք, որ մեր զաւակները ապահով ապրին, ուսանին եւ իրենց երկրէն չգաղթեն: Պետութեան բացակայութիւնն է, որ մեզ ստիպեց զէնք կրել եւ մենք մեզ ու Լիբանանը պաշտպանել: Ո՞վ հարաւը քաոսին ձգեց: Ո՞վ Գահիրէի համաձայնագիրը կնքեց: Զէնքի դիմեցինք պաշտպանելու համար Լիբանանը: Շիիներու հարաւային Լիբանանի պաշտպանութիւնը Լիբանանի պաշտպանութիւնն էր»:

«Իրանի պատկանած նոյն յարանուանութեան մեր պատկանիլը չի նշանակեր, թէ մեր հայրենիքէն եւ լիբանանցիութենէն կը հրաժարինք: Ցոյց տուէք աշխարհի մէջ մէկը, որ բացի Իսլամական հանրապետութենէն 1982 թուականէն ետք կանգնեցաւ Դիմադրութեան կողքին: Եթէ հարաւային Լիբանանի իսրայէլեան բռնագրաւումը չըլլար, իրանեան օժանդակութիւն պիտի ըլլա՞ր: Ինչո՞ւ ուրիշներ այս օգնութիւնը Լիբանանի գերիշխանութիւնը պաշտպանողին մօտ հայրենասիրութեան պակաս կը նկատէ: Մինչեւ հիմա պատերազմը չաւարտեցաւ: Հարաւը տակաւին բռնագրաւուած է, իսկ ամերիկացին ինք ներկայ է Պէյրութի օդակայանին մէջ, ինք լիբանանցի քաղաքագէտներուն ու լիբանանեան վարչակազմին հրամաններ կու տայ», նշեց ան:

«Ասիկա կ՛ըսեմ, որովհետեւ օդակայանին մէջ տեղի ունեցողը բոլոր լիբանանցիներուն հետ տեղի չ՛ունենար: Իրանէն եկող շիիներուն հանդէպ անմարդկային վերաբերմունք կը ցուցաբերուի: Մենք ատոր նկատմամբ լուռ պիտի չմնանք, եւ թող ոչ ոք մեզի հետ վարուի ճնշուածի եւ պարտուածի հետ վարուելու նման», յայտնեց շէյխ Խաթիպ` աւելցնելով. «Առաջին օրէն ըսինք, որ Ամերիկան է հակառակորդն ու իրաւարարը: Անոնք Լիբանանի մէջ դիմադրող համայնք կը պաշարեն եւ ոչ թէ Հըզպալլան. իր հայրենիքին հաւատարիմ համայնք մը, որ բոլոր լիբանանցիները կը նկատէ իր հարազատը»:

«Ան, որ երկխօսութիւնը կը մերժէ, մեզ ճնշել կ՛ուզէ», նշեց ան:

«Կը զգուշացնենք օդակայանին մէջ տեղի ունեցող կասկածելի արարքներէն, եւ արժանապատուութեան վարկաբեկումը պիտի չընդունինք», յայտնեց Շիիներու գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահը:

Նախորդը

Իբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Քասեմ. «Լիբանանի Մէջ Բռնագրաւումը Առանց Դիմադրութեան Չի Կրնար Շարունակուիլ»

RelatedPosts

Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ Լիբանանի  Եւ Սուրիոյ Միջեւ Սուրիացի Դատապարտեալներ  Սուրիա Տեղափոխելու Շուրջ Համաձայնութեան
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ Լիբանանի Եւ Սուրիոյ Միջեւ Սուրիացի Դատապարտեալներ Սուրիա Տեղափոխելու Շուրջ Համաձայնութեան

January 31, 2026
Խորհրդարանական Ընտրութիւնները`  3 Եւ 10 Մայիսին
Լիբանանեան

Խորհրդարանական Ընտրութիւնները` 3 Եւ 10 Մայիսին

January 31, 2026
Նախագահ Աուն. «Գերիներու Թղթածրարը  Առօրեայ Հետապնդման Առարկայ Է, Իսկ Գիւղերու  Վերակառուցումը` Գերակայ Խնդիր»
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն. «Գերիներու Թղթածրարը Առօրեայ Հետապնդման Առարկայ Է, Իսկ Գիւղերու Վերակառուցումը` Գերակայ Խնդիր»

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.