Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քումաթի. «60 Օր Համբերեցինք, Եւ 61-րդ Օրը Այլ Օր Է, Եւ Խնդիրը Պիտի Փոխուի, Եւ Ներկայ Եղող Ուժերը Կը Դառնան Բռնագրաւման Ուժեր, Որոնց Հետ Այդ Հիմամբ Պիտի Վարուինք»

January 3, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հըզպալլայի քաղաքական խորհուրդի փոխնախագահ Մահմուտ Քումաթի «Մանար» պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Կան կարմիր գիծեր, որոնց շրջանցումը պիտի չարտօնենք: Անոնցմէ են Դիմադրութեան զէնքը եւ վերաշինութեան, նորոգութեան ու պատսպարման գումարները»:

«Երբ հայրենիքի մէջ գործընկերը իր վարմունքով թշնամիին շահերուն կը նպաստէ, պիտի կորսնցնէ մեր հետաքրքրութիւնը», նշեց Քումաթի:

«Ան որ Լիբանան կու գայ Դիմադրութեան վնաս պատճառող պայմաններով, չ՛ուզեր Լիբանանին օգնել: Կ՛ողջունենք ան, որ լիբանանցի ժողովուրդին ոտքի կանգնելու կ՛օգնէ», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Ամերիկան եւ անոր հետ Ֆրանսան թող հասկնան, որ մեր կարմիր գիծերը անցնիլը պիտի չարտօնուի, եւ պատրաստ ենք բոլոր հաւանականութիւններուն»:

«Եթէ այսօր համբերատար ենք, ապա մեր ժողովուրդին համար է եւ յանձնառութեամբը այն խօսքին, որ տուինք միջնորդներուն աշխատանքը դիւրացնելու համար: Մենք յանձնառու դարձանք 60 օր համբերելու, իսկ 61-րդ օրը այլ օր է, եւ խնդիրը կը փոխուի, եւ ներկայ եղող ուժերը կը դառնան բռնագրաւման ուժեր, եւ անոնց հետ այդ հիմամբ պիտի վարուինք», ընդգծեց Քումաթի:

«Դիմադրութիւնը ներկայ է, պատրաստ է, ուժեղ է եւ պատրաստակամ է, եւ ամերիկացիները շտապեցին պատերազմը դադրեցնելու, երբ իսրայէլացի թշնամին մահացու վէրք ստացաւ», շեշտեց Հըզպալլայի քաղաքական խորհուրդի փոխնախագահը:

«Դիմադրութեան հրթիռային պահեստն ու ամբողջ կարողականութիւնը տակաւին գոյ են, եւ պատերազմին մէջ մինչեւ վերջին պահը շարունակեցինք հրթիռներ արձակել», ըսաւ ան:

«Խախտումներուն համբերեցինք այն շրջանակի մարդոց համար, որոնք հարաւային Լիբանանի մէջ իրենց գիւղերը վերադարձան, եւ անոնք այսօր մեզմէ կը պահանջեն հակադարձել խախտումներուն: Ինչ կը վերաբերի համաձայնութեան, կա՛մ բոլորը անոր յանձնառու կ՛ըլլան, կա՛մ ալ ոչ ոքի կողմէ յանձնառութիւն կ՛ըլլայ», յայտնեց Քումաթի:

«Մեր շրջանակը մեզմէ կը պահանջէ գործի լծուիլ, եւ անկարելի է արտօնենք, որ հողեր բռնագրաւուին եւ այդտեղ բնակեցման վայրեր կառուցուին առանց արիւնի», աւելցուց ան:

«Ապազինման մասին խօսակցութիւնը երկիրը դէպի քաոս կը տանի, եւ մեր քաղաքական ծրագիրը միախմբումն ու երկխօսութիւնն է», նշեց Քումաթի:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Զօր. Աուն Գնդ. Մուշեղեանը Պարգեւատրեց Զինեալ Ուժերու «Գնահատանք»-ի Մետալով

RelatedPosts

Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի.  Սուրիական Կառավարութիւնն Ու Հըզպալլան  Թուրքիոյ Մէջ Գաղտնի Բանակցութիւններ Վարած Են
Լիբանանեան

Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի. Սուրիական Կառավարութիւնն Ու Հըզպալլան Թուրքիոյ Մէջ Գաղտնի Բանակցութիւններ Վարած Են

October 2, 2026
Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու  Յանձնախումբը Ընդունեց Լիբանանի Մէջ Օմրան Ռիզան
Լիբանանեան

Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբը Ընդունեց Լիբանանի Մէջ Օմրան Ռիզան

October 2, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.