Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ կոչ ուղղեց Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան եւ այլ կուսակցութիւններու հետ միջքրիստոնէական համախոհութիւն գոյացնելու թեկնածուներու անուանացանկի մը շուրջ, որուն նկատմամբ մեծապէս դրական տրամադրուած պիտի ըլլայ Ազգային ազատ հոսանքը, եւ որ ուրիշներուն առիթ չ՛ընծայեր զայն մերժել:
Պասիլ «Ժումհուրիա» օրաթերթին հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց, թէ արտաքին նկատառելի ճնշումներ եւ միջամտութիւններ կան, ինչպէս նաեւ կացութիւնը շրջելու փորձեր` աւելցնելով. «Չեմ փափաքիր, որ 9 յունուարի նիստը թեկնածուներու բացառման, թեկնածուներու տապալման կամ պատմութիւնը շրջանցելով շրջանային ու միջազգային այլ կացութեան մէջ այլ պատմութեան հասնելու համար ըլլայ»:
Ան մտավախութիւն յայտնեց «9 յունուարը խոչընդոտելու համար» ապահովական դէպքի մը եւ «Լիբանանին նոր հաւասարակշռութիւններ պարտադրելու համար մեծ միջամտութիւններու նկատմամբ, ինչպէս զինուորական գետնի վրայ տեղի ունեցաւ, քաղաքական գետնի վրայ ալ տեղի ունեցաւ»:
«Վերջին ժամերուն շատ բաներ պիտի պատահին, եւ չեմ ուզեր բացայայտել այն պատկերը, որ կ՛երեւակայեմ, որովհետեւ շարք մը բեմագրութիւններ եւ բազմաթիւ անակնկալներ կան, որոնք կրնան պատահիլ», աւելցուց ան:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահին պիտի քուէարկէ՞, եթէ նախագահի պաշտօնին թեկնածու ներկայանայ, Պասիլ ըսաւ. «Հարցը գաղտնիք չէ, մեզի այդ հարցը ներկայացուեցաւ, չըսելու համար, որ մեզմէ պահանջուեցաւ, եւ մենք ժխտական կերպով չենք ընկալեր, սակայն կը քննարկենք անոր յաջողութեան պայմանները: Մենք կ՛ուզենք հանրապետութեան նախագահ մը, որ լուծում կը բերէ եւ լիբանանցիները կը միախմբէ, եւ արգելք չունինք, եթէ Ժահժահը կարող է այս ապահովել»: