Լիբանանի խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի յայտնեց. «Յառաջիկայ 9 յունուարի խորհրդարանի նիստի ընթացքին հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան նկատմամբ վճռական եմ, նոյնիսկ եթէ նոյն նստաշրջանի ընթացքին մէկէ աւելի նիստ գումարենք: Կարեւորը խորհրդարանը նախագահ մը ընտրէ, եւ երեսփոխանները տէր կանգնին սահմանադրական այս պարտաւորութեան նկատմամբ իրենց պատասխանատուութիւններուն»:
Ան այս մասին յայտնեց «Նահար» օրաթերթի հետ զրոյցի ընթացքին:
Անդրադառնալով հարաւային Լիբանանի մէջ զինադադարի համաձայնութեան իսրայէլեան խախտումներու շաունակութեան` Պըրրի շեշտեց. «Հսկողութեան յանձնախումբը պէտք է ՖԻՆԻՒԼ-ի հետ իր պարտաւորութիւնները կատարէ, եւ Իսրայէլ պէտք է հեռանայ այն գիւղերէն, ուր հասաւ, իսկ լիբանանեան բանակը այդ վայրերուն մէջ տեղակայուի, ոչ աւելի, ոչ ալ պակաս»:
«Ինչ կը վերաբերի Հըզպալլայի, ան բանակին հետ կը գործակցի գործադրելու համար այն, որուն շուրջ համաձայնութիւն գոյացաւ», նշեց խորհրդարանի նախագահը:


