Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նշելով, Որ Ժահժահ Իրաւունք Ունի Նախագահի Թեկնածու Ներկայանալու. «Եթէ Կացութիւնը Այսպէս Շարունակուի, Զինադադարի Համաձայնութեան Ճակատագիրը Անծանօթ Պիտի Ըլլայ» Կ՛ըսէ Նախկին Նախագահ Աուն

January 3, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախկին նախագահ Միշել Աուն «Օ.Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Նախագահի ընտրութեան թղթածրարին մէջ անորոշութիւն կայ, որովհետեւ մինչեւ այս պահս ոչ մէկ թեկնածու մեծամասնութիւն ունի, եւ բոլորը կը խօսին դեսպաններուն ու պետութիւններուն անուններով եւ կը յաւակնին անոնց դիրքորոշումները արտայայտել, եւ այս անորոշութիւնը կրնայ յառաջիկայ 9 յունուարի խորհրդարանական նիստի յետաձգման յանգեցնել»:

«Ես նիստի յետաձգման չեմ զօրակցիր, եւ պէտք է իրերայաջորդ նիստեր ըլլան», նշեց ան:

Պատասխանելով Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան նախագահ Սամիր Ժահժահի նախագահի թեկնածու առաջադրուելուն շուրջ հարցումի մը, նախկին նախագահ Աուն ըսաւ. «Ժահժահ իրաւունք ունի իր թեկնածութիւնը առաջադրելու, եւ եթէ քուէներու պէտք եղած մեծամասնութիւնը ստանայ եւ նախագահ դառնայ, մենք ժողովրդավարական երկրի մէջ ենք»:

«Եթէ կացութիւնը այսպէս շարունակուի, ապա զինադադարի համաձայնութեան ճակատագիրը դէպի անորոշութիւն կ՛ուղղուի, որովհետեւ այն, ինչ որ տեղի կ՛ունենայ, անբնական է, եւ պատասխանատուն սխալ վարմունք կատարողն է եւ կողմնակալութեան պատճառով հսկիչներու ոչ ազդու ըլլալը», շեշտեց Աուն:

Անդրադառնալով Սուրիոյ վարչակարգի տապալման գլխաւոր պատճառին` ան նշեց, որ Սուրիան պաշտպանութեան չդիմեց եւ սուրիական բանակը իր պարտականութիւնը չկատարեց, իսկ ատոր պատճառը կարելի չէ կռահել:

«Սուրիոյ ապագան կախեալ է նոր իշխանութեան գործելակերպէն, եթէ հանրային ազատութիւնները չպահպանեցին` բացթողում պիտի ըլլայ, եւ եթէ բռնատիրական իշխանութեան դէմ կը կռուէին եւ անոր պէս կը գործեն, տեղի ունեցած դէպքերը ի՞նչ օգուտ ունեցան, եւ ի՞նչ փոփոխութիւն կը բերեն:

«Սուրիոյ մէջ տակաւին կայունութիւն չկայ, եւ մինչեւ հիմա տեղի ունեցող ոտնձգութիւնները կը նկատենք սխալներ, եւ կը յուսանք, որ անոնք չեն կրկնուիր, թէեւ կարգ մը վարմունքներէ անհանգստացած եմ: Ժողովրդավարական վարչակարգը կը պահպանէ անվտանգութիւնը, կը պաշտպանէ քաղաքացիներն ու անոնց ազատութիւններն ու կարծիքները», ըսաւ Աուն:

 

Նախորդը

Զօր. Աուն Գնդ. Մուշեղեանը Պարգեւատրեց Զինեալ Ուժերու «Գնահատանք»-ի Մետալով

Յաջորդը

Նախագահի Թեկնածուի Անունին Շուրջ Միջքրիստոնէական Համախոհութեան Կոչ Ուղղելով` Պասիլ. «Կ՛ուզենք Նախագահ Մը, Որ Լուծում Կը Բերէ Եւ Լիբանանցիները Կը Միախմբէ, Եւ Արգելք Չունինք, Եթէ Ժահժահը Կրնայ Այդ Ապահովել»

RelatedPosts

Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի.  Սուրիական Կառավարութիւնն Ու Հըզպալլան  Թուրքիոյ Մէջ Գաղտնի Բանակցութիւններ Վարած Են
Լիբանանեան

Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի. Սուրիական Կառավարութիւնն Ու Հըզպալլան Թուրքիոյ Մէջ Գաղտնի Բանակցութիւններ Վարած Են

October 2, 2026
Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու  Յանձնախումբը Ընդունեց Լիբանանի Մէջ Օմրան Ռիզան
Լիբանանեան

Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբը Ընդունեց Լիբանանի Մէջ Օմրան Ռիզան

October 2, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.