Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

January 3, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

– ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ հեղինակութիւն մը «Ժումհուրիա» օրաթերթին յայտնած է. «Նախագահ ընտրելու եւ չընտրելու կարելիութեան հաւանականութիւնները հաւասար են, ուստի ամէն բան կարելի է: Նախագահի ընտրութեան նիստ ճշդուած է, եւ խորհրդարանի նախագահը վճռական է զայն գումարելու եւ նախագահի ընտրութեան ուղղութեամբ կ՛աշխատի. գոյութիւն ունին կողմեր, որոնց դիրքորոշումները անյստակ են` նոյն ատեն բան մը եւ անոր հակառակը կ՛ըսեն:

«Այս մթնոլորտին մէջ կարելի չէ հաստատել, որ համաձայնութիւն պիտի գոյանայ, ինչպէս նաեւ մինչեւ հիմա կարելի չէ ըսել, թէ երեսփոխանները 9 յունուարին պիտի կարենան նախագահ ընտրել»:

– ՆԱԽԱՐԱՐԱԿԱՆ աղբիւր մը քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին լաւատեսութիւն կը յայտնէ 9 յունուարին հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան նկատմամբ` «հիմնուելով ներքին ու միջազգային քաղաքական տուեալներու եւ արաբական ու արեւմտեան դիւանագիտական աշխատանքին վրայ, որ լիբանանեան մթնոլորտին վրայ կը տիրէ նախագահի ընտրութեան նիստին նախօրեակին, որուն տուեալները պիտի յստականան մետասաներորդ պահուն` խորհրդարանի ժողովասրահին մէջ»:

– ՊԷՅՐՈՒԹԻ մէջ դիւանագիտական աղբիւր մը քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին կը յայտնէ, որ ամերիկացի պատուիրակ Էյմըս Հոքշթայնի Լիբանան այցելութիւնը կարելի չէ անջատել քաղաքական ներքին զարգացումներէն` նախագահի ընտրութեան թղթածրարէն:

Նախագահական տագնապի լուծման համար միջազգային միջամտութիւններու մասին զրոյցներու աճի լոյսին տակ, Միացեալ Նահանգներ կրնան Հոքշթայնի այցելութիւնը առիթ մը նկատել ներքին մղիչ ուժերու վերականգնման համար, մանաւանդ նախագահական աթոռի դատարկութեան վերջ տալու անհրաժեշտութեան շուրջ ամերիկեան-ֆրանսական-արաբական համաձայնութեան լոյսին տակ:

– ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ աղբիւրներ «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեցին, որ երեսփոխան Փիեռ Ապու Ասի Սէուտական Արաբիա մեկնած է` իբրեւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի պատուիրակ` գաղափարներու փոխանակման համար:

Աղբիւրները կը նշեն, որ Ապու Ասիի Սէուտական Արաբիա այցելութիւնը Ժահժահի Լիբանանի նախագահի պաշտօնին թեկնածութիւնը շրջանառութեան մէջ դնելու եւ 9 յունուարի նիստէն առաջ այդ առնչութեամբ Սէուտական Արաբիոյ կարծիքին ծանօթանալու համար է:

– ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ աղբիւրներ անդրադառնալով իսրայէլեան յարձակումին հետեւանքով վերաշինութեան թղթածրարին «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին յայտնած են. «Արաբական պետութիւններու, որոնց շարքին Սէուտական Արաբիոյ կողմէ վերաշինութեան նպաստելու նախաձեռնութիւն գոյութիւն ունի, սակայն անոնք առանց հաշուետուութեան ու վերահսկողութեան որեւէ գումար պիտի չտրամադրեն:

– «ՄԱՅԱՏԻՆ» երէկ հաղորդեց. «Իսրայէլեան ուժ մը ներթափանցեց հարաւային Լիբանանի Պընթ Ժպէյլ գաւառի Պէյթ Լիֆ գիւղի մերձակայք»: «Մայատին» հաղորդեց, որ 8 իսրայէլեան հրասայլեր յառաջացած են հարաւի մէջ Պէյթ Լիֆի ուղղութեամբ:

– «ՆԱՇՐԱ» հաղորդեց, որ իսրայէլեան «Մերքաւա» տիպի հրասայլ մը Պէյթ Լիֆ գիւղին մէջ երկու ռումբերով հարուածած է տուն մը: Իսրայէլացի զինուորներ կարգ մը տուներ եւ անտառներ խուզարկած են:

– ԼԻԲԱՆԱՆԻ պետական լրատու գործակալութիւնը երէկ հաղորդեց. «Իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարք մը հարաւային Լիբանանի Պէյթ Լիֆի եւ Եաթերի միջեւ գտնուող Ռումիէ շրջանին վրայ երկու յարձակումներ գործեց»:

– «ԷՄԻՐԷՅՑ» օդանաւային ընկերութիւնը մինչեւ 31 յունուար երկարաձգեց դէպի Պէյրութ եւ Պաղտատ իր թռիչքներու առկախումը:

 

 

Նախորդը

Սուրիական Բարձրաստիճան Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Ռիատ

Յաջորդը

Քումաթի. «60 Օր Համբերեցինք, Եւ 61-րդ Օրը Այլ Օր Է, Եւ Խնդիրը Պիտի Փոխուի, Եւ Ներկայ Եղող Ուժերը Կը Դառնան Բռնագրաւման Ուժեր, Որոնց Հետ Այդ Հիմամբ Պիտի Վարուինք»

RelatedPosts

Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի.  Սուրիական Կառավարութիւնն Ու Հըզպալլան  Թուրքիոյ Մէջ Գաղտնի Բանակցութիւններ Վարած Են
Լիբանանեան

Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի. Սուրիական Կառավարութիւնն Ու Հըզպալլան Թուրքիոյ Մէջ Գաղտնի Բանակցութիւններ Վարած Են

October 2, 2026
Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու  Յանձնախումբը Ընդունեց Լիբանանի Մէջ Օմրան Ռիզան
Լիբանանեան

Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբը Ընդունեց Լիբանանի Մէջ Օմրան Ռիզան

October 2, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.